Վրաստանը կ՚ողջունէ այս պատմական պահը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, տարածաշրջանի եւ ամբողջ աշխարհի համար։ Այս մասին իր X-ի էջին գրած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն։
«Կը շնորհաւորենք Տանըլտ Թրամփը, Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իլհամ Ալիեւը այս յաջողութեան՝ դարակազմիկ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման նոր դարաշրջանի բացման կապակցութեամբ:
Վրաստանը միշտ հանդէս եկած է տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ համագործակցութեան օգտին եւ պիտի շարունակէ վճռականօրէն աջակցիլ անոնց»,-գրած է ան։