Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ու Իրաքի նախագահ Ապտուլ Լաթիֆ Ռաշիտը քննարկած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցը, Պաղտատի մէջ Իրաքի նախագահի հետ հանդիպումէն ետք լրատուամիջոցներու համար յայտարարութիւններու ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։
«Անդրադարձ ենք կատարել պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներում հայ-իրաքեան համագործակցութեան խորացման հեռանկարներին»,- նշած է Հայաստանի նախագահը:
Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը պաշտօնական այցով կը գտնուի Իրաք։ ՀՀ նախագահը հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Իրաքի վարչապետ Մուհամետ Շիա Ալ-Սուտանիի հետ։
ՀՀ նախագահն այցի ընթացքին դասախոսութեամբ հանդէս պիտի գայ Պաղտատի համալսարանին մէջ։ Պիտի այցելէ նաեւ Էրպիլ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանի պատուաւոր նախագահ Մասուտ Պարզանիի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի շրջանի նախագահ Նեչիւան Պարզանիի հետ։
Վահագն Խաչատուրեանը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Իրաքի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ։ ՀՀ նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ Իրաք ժամանած են նաեւ գործարարներ, որոնք պիտի մասնակցին գործարար համաժողովի։