image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները պիտի հանդիպին Պրիւքսէլի մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները պիտի հանդիպին  Պրիւքսէլի մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով երկու երկիրներու պետական յանձնաժողովներու երրորդ նիստը պիտի կայանայ նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին՝ Պրիւքսէլի մէջ: Այս մասին «Արեւելք»-ը կը տեղեկանայ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն։

31 Օգոստոսին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ եւ 7 հոկտեմբերին Փրակի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումներէն ետք որոշուած էր սահմանազատման յանձնաժողովներու նիստը կայացնել նախ նոյեմբերին, ապա՝ հոկտեմբերին, եւ այս հարցով անորոշութիւն կար:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հոկտեմբերի կէսերուն թուիթըրեան գրառմամբ յայտնած էր, որ Հայաստանը Ատրպէյճանին առաջարկած է յանձնաժողովի նիստը կայացնել 31 հոկտեմբերին՝ Պրիւքսէլի մէջ։

Փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորած յանձնաժողովները վերջին անգամ հանդիպած են 30 օգոստոսին Մոսկուայի մէջ, իսկ առաջին հանդիպումը 24 մայիսին էր՝ Երասխ բնակավայրի ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Նախիջեւանի սահմանին։

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանյուէլ Մաքրոնի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ կայացած քառակողմ հանդիպման աւարտին յայտարարութիւն ընդունուեցաւ, ըստ այդմ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնած են ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ եւ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի Հռչակագրով ճանչնալ իրար տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, իսկ այդ պէտք է ըլլայ հիմք սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովի աշխատանքներու համար։