image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելու իրական հնարաւորութիւն կայ. Պլինքըն

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելու իրական հնարաւորութիւն կայ. Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն կը կարծէ, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնութեան հասնիլ: Ան այդ մասին ըսած է՝ 22 մարտին ելոյթ ունենալով Քոնկրեսի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովին կայացած լսումներու ժամանակ՝ պատասխանելով յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսի հարցին։ 

«Կը կարծեմ, որ կայ հնարաւորութիւն, չեմ ուզեր  չափազանցնել, բայց կայ բարենպաստ հնարաւորութիւն, որ թոյլ կու տայ փաստացի աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագրի նախապատրաստումը», -ըսած է Պլինքըն՝ անդրադառնալով Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու Ուաշինկթընի փորձերուն:  

«Ես հանդիպած եմ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ Միւնիխի մէջ անվտանգութեան համաժողովի ժամանակ։ (խմբ.՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի) արտաքին գործոց նախարարները վերջերս Ուաշինկթըն էին։ Ես կ'ակնկալեմ, որ անոնք կը վերադառնան։ Աշխատած ենք (խմբ.՝ համաձայնագրի) բնագրի վրայ», -ըսած է Պլինքըն։

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի խօսքով՝ ինք աշխուժօրէն կը զբաղի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման խնդրով՝ նպաստելով, որ կողմերը «հասնին խաղաղութեան համաձայնագրի ձեռքբերման, որ կը կարգաւորէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները», ինչպէս նաեւ կը վերաբերի «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք հայերու իրաւունքներուն եւ պաշտպանութեան», «սահմաններու սահմանազատման» եւ այլ հարցերու։

«Մենք այդ չենք պարտադրեր Հայաստանին: Մենք կ'արձագանգենք Հայաստանի արտայայտած մեծ ցանկութեան, որ կ'ուզէր տեսնել՝ արդեօք մենք կրնանք օգնել իրենց հասնիլ համաձայնութեան, որ գոնէ հիմնական վերջ կը դնէ աւելի քան 30 տարի շարունակուող հակամարտութեան», - ըսած է Պլինքըն:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ արձանագրած է «Լաչինի միջանցքին մէջ իրական խնդիրները»։

«Ես ճնշում կը գործադրեն Ատրպէյճանի վրայ, այդ շարքին՝ այս շաբաթ, որ վերաբանայ այս միջանցքը, մենք կ'աշխատինք այդ ուղղութեամբ», -ըսած է պետական քարտուղարը։

«Առանց չափազանցութեան, ես կը կարծեմ, որ այժմ կայ բարենպաստ պահ, որ խորապէս կը համապատասխանէ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի շահերուն», - աւելցուցած է Պլինքըն։