Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնները կը հերքեն Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, թէ հայկական կողմերը կրակած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։
«Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումները յունիսի 28-ին՝ ժամը 22:35-23:15-ը կրակ են բացել սահմանագօտու արեւելեան եւ հարաւարեւմտեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, ապատեղեկատւութիւն է»,-ըսուած է ՀՀ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Պաշտպանութեան բանակն ալ հաղորդած է, որ Շուշիի շրջանին մէջ ատրպէյճանական դիրքերուն կրակելու տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն աւելի վաղ յայտնած էր, թէ իբր հայկական ստորաբաժանումները կրակած են Երասխի, Սոթքի եւ Շուշիի ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։