Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը մայիս 26-ին «Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովի շրջածիրէն ներս հանդիպած է Պաղեստինի պետութեան Արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու հարցերով պետական նախարար դոկտոր Վարսէն Աղաբեկեանի հետ։
Զրուցակիցներն անդրադարձած են երկկողմ օրակարգի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանային շարք մը հարցերու։
Պետական նախարար Աղաբեկեանը ներկայացուցած է նաեւ Կազայի մէջ տիրող իրավիճակի շուրջ պաղեստինեան կողմի գնահատականները։