Պրիւքսէլի մէջ աւարտած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որու ժամանակ, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, քննարկուած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները։
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները համաձայնութիւն տուին Հայաստանի մէջ տեղակայուած դիտորդական առաքելութիւնը ընդարձակելու եւ Հայաստանի հետ վիզաներու ազատականացման շուրջ քննարկումները աշխուժացնելու առաջարկին: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան Ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել։
Արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սատարելու կարեւորութիւնը:
Պորել դիտել տուած է, որ խորհուրդը քննարկած է, թէ ինչպէ՛ս կրնայ աջակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն, Հայաստանի դիմադրողականութեան, ապահովութեան եւ բարեփոխումներու շարունակութեան ու որոշած է ընդլայնել Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ՝ աւելի շատ պարեկներ եւ աւելի շատ պարեկութիւն կատարելու կարելիութիւն տալով սահմանի խնդրահարոյց հատուածներուն մէջ: Ըստ անոր՝ քննարկուած է նաեւ Եւրոպական խաղաղութեան գործիքակազմի մը միջոցով Հայաստանին օգնելու եւ վիզայի ազատականացման կարելիութիւնները:
Եւրոպական Խաղաղութեան գործիքակազմով Պրիւքսէլ միջոցներ կը տրամադրէ Եւրոպական Միութեան անդամ չհանդիսացող երկիրներու պաշտպանունակութիւնը բարձրացնելու, հակամարտութիւնները կանխելու եւ խաղաղութիւնը ամրապնդերլու համար:
«Մենք պէտք է շատ զգօն ըլլանք Հայաստանը թէ՛ դուրսէն, թէ՛ ներսէն ապակայունացնելու որեւէ փորձի պարագային», նիստէն ետք յայտարարած է Պորել՝ աւելցնելով. «Ատրպէյճանին ուղղած մեր ուղերձը շատ յստակ էր՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի է եւ շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր յարաբերութիւններու որակին վրայ: Մենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին բանակցութիւններու կոչ կ՛ուղղենք. խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է կնքուի, եւ մենք յանձնառու ենք հաւատարիմ մնալու միջնորդի մեր դերին»: