image

Հայաստանէն նոր գանգատ ընդդէմ Ատրպէյճանի

Հայաստանէն նոր գանգատ ընդդէմ Ատրպէյճանի

27 յուլիս 2022-ին Հայաստանը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած է նոր միջպետական ամբողջական գանգատ ընդդէմ Ատրպէյճանի: Այս մասին հաղորդած է Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը:

Նշուած գանգատը, ի թիւս այլնի, կը վերաբերի 2022 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Խրամորթ եւ Փարուխ գիւղերու ուղութեամբ ձեռնարկուած յարձակման հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան իրաւունքներու խախտման, Արցախի Հանրապետութեան սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ հնչեցուող իրական սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ 2021-2022 թուականներու ընթացքին Ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ուժի կիրառման դէպքերուն, որոնց հետեւանքով խախտուած է անձանց կեանքի իրաւունքը: