image

Հայաստանէն Արցախ ուղարկուած 10 թոն բեռը կը բաւարարէ 10 օրուան պահանջները

Հայաստանէն Արցախ ուղարկուած 10 թոն բեռը կը բաւարարէ 10 օրուան պահանջները

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ Արցախ ուղարկուած 10 թոն մարդասիրական բեռը կը բաւարարէ 10 օրուան պահանջարկը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին 25 դեկտեմբերին յայտնած էր, որ Հայաստանը 10 թոն մարդասիրական բեռ ուղարկած է Արցախ։

«Հայաստանից ԼՂ ուղարկուած 10 թոննա հումանիտար բեռը՝ դեղորայք, մանկական կեր, բուժօգնութեան համար նախատեսուած պարագաները, կը բաւարարեն 10 օրուայ պահանջարկը»,–ըսուած է առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։