2 օգոստոսին, տեղւոյն ժամանակացոյցով ժամը 10:44-ին (Կրինուիչի ժամանակացոյցով ժամը 06։44-ին) ՀՀ ՆԳՆ երկրաշարժի պաշտպանութեան ծառայութեան երկրաշարժական ցանցին կողմէ երկրաշարժ մը արձանագրուած է հիւսիսային լայնութեան 41․16⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 43.98⁰ աշխարհագրական համակարգով Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտիի՝ Պաւրա գիւղէն 16 քմ հիւսիս-արեւելք, կեդրոնէն 10 քմ խորութեամբ, 3.0 ծաւալով:
Երկրաշարժի ուժգնութիւնը կեդրոնական գօտիին վրայ կազմած է 4 աստիճան:
Երկրաշարժը զգացուած է Շիրակի մարզի Պավրա, Սարագիւղ, Ղազանչի, Աշոցք եւ Մուսայելեան գիւղերուն մէջ՝ 2-3 աստիճան ուժգնութեամբ։