Օրերս, Զուիցերիոյ «Յակոբ Թօփալեան» հայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով, Հայաստան կրկին մասնակցած է Ժընեւի Գիրքի միջազգային ամէնամեայ ցուցահանդէս-տօնավաճառին:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Մարտ 19–23, Զուիցերիոյ «Յակոբ Թօփալեան» հայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով, Հայաստան կրկին մասնակցեցաւ Ժընեւի Գիրքի միջազգային ամէնամեայ ցուցահանդէս-տօնավաճառին:
Հայկական տաղաւարին մէջ ցուցադրուած էին Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ վերջին տարիներուն տպագրուած հարիւրէ աւելի հայերէն եւ օտար լեզուներով բազմաթիւ հրատարակութիւններ:
Ցուցահանդէսի հինգ օրերու ընթացքին, գիրքերու ցուցադրութեան զուգահեռ, տեղի ունեցան դասախօսութիւններ՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի պատմութեան, լեզուին, գրականութեան, երաժշտական արուեստին, ճարտարապետութեան, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած հայկական կոթողներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան: Առանձին անդրադարձներ եղան Հայաստանի զբօսաշրջային մեծ ներուժին, ինչպէս նաեւ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հարուստ աւանդութիւններուն: Ներկայացուեցաւ նաեւ Պրիւսէլի «Պօղոսեան» եւ Լիոնի «Պիւլլիւքեան» հիմնադրամներու գործունէութիւնը:
Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս, Հայաստանի տաղաւարին հանդէպ ցուցահանդէսի այցելուներուն հետաքրքրութիւնը մեծ էր՝ նկատի ունենալով ներկայացուած գիրքերու բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններուն՝ հեղինակաւոր բանախօսներու մասնակցութիւնը:
1986-ին հիմնադրուած Ժընեւի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսը իր ծաւալով աշխարհի մէջ երկրորդն է ֆրանսախօս ցուցահանդէսներու շարքին եւ ամէնէն մեծը՝ Զուիցերիոյ մէջ: Իւրաքանչիւր տարի ան կը հիւրընկալէ 100.000-է աւելի այցելուներ, 820 հրատարակչութիւններ եւ աւելի քան 800 հեղինակներ: