image

Հայաստան եկած մասնագէտներուն մասին խօսելով Փութին յարած է՝ «Խնդիր չեմ տեսներ»

Հայաստան եկած  մասնագէտներուն մասին խօսելով Փութին յարած է՝ «Խնդիր չեմ տեսներ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը խնդիր չի տեսներ, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի որոշ հայրենական մասնագէտներ տեղափոխուած են Հայաստան:

Ելոյթ ունենալով Եւրասիական առաջին տնտեսական համագումարին` Ռուսիոյ նախագահը պատմած է, թէ ինչպէս քննարկած է բարձր արհեստագիտութեան զարգացումը Ղազախստանի եւ Հայաստանի գործընկերներու հետ, բայց` ոչ այն պատճառով, որ «այթիշնիկներու մէկ մասը Ռուսիայէն Հայաստան տեղափոխուած է»: «Տեղափոխուած են եւ փառք Աստուծոյ, թող աշխատին», ըսած է Փութին:

Ընդ որում, ան կը կարծէ, որ այդպիսի իրավիճակը «որոշ չափով մարտահրաւէր է» Ռուսիոյ համար: «Մենք պէտք է աւելի լաւ պայմաններ ստեղծենք», պարզաբանած է Փութինը: