Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը խնդիր չի տեսներ, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի որոշ հայրենական մասնագէտներ տեղափոխուած են Հայաստան:
Ելոյթ ունենալով Եւրասիական առաջին տնտեսական համագումարին` Ռուսիոյ նախագահը պատմած է, թէ ինչպէս քննարկած է բարձր արհեստագիտութեան զարգացումը Ղազախստանի եւ Հայաստանի գործընկերներու հետ, բայց` ոչ այն պատճառով, որ «այթիշնիկներու մէկ մասը Ռուսիայէն Հայաստան տեղափոխուած է»: «Տեղափոխուած են եւ փառք Աստուծոյ, թող աշխատին», ըսած է Փութին:
Ընդ որում, ան կը կարծէ, որ այդպիսի իրավիճակը «որոշ չափով մարտահրաւէր է» Ռուսիոյ համար: «Մենք պէտք է աւելի լաւ պայմաններ ստեղծենք», պարզաբանած է Փութինը: