«Հայաստան» խմբակցութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ պետական, քաղաքական պաշտօններ զբաղեցնողներուն պարգեւատրում տրամադրելու` ակնյայտ անհամաչափ եւ ընկերատնտեսական այս բարդ պայմաններուն մէջ խայտառակ կիրառումը անընդունելի է:
«Յայտնած էինք, որ այս հարցով պիտի նախապատրաստուի Սահմանադրական դատարանին հասցէագրուած դիմում: Կը տեղեկացնենք, որ այս ընթացքին քննարկուած էր նաև պատգամաւորներուն 250.000 դրամ փոխհատուցման վճարի տրամադրման մասին վերջերս ընդունուած օրէնքի խնդիրը: Արդէն մշակուած է պարգեւատրումներու եւ պատգամաւորներուն յատկացուող 250.000 ՀՀ դրամ փոխհատուցման վճարի վերաբերեալ ՍԴ դիմումը եւ պատգամաւորներու 1/5-րդին ստորագրութիւնները երբ պատրաստ ըլլան պիտի մուտքագրուի Սահմանադրական դատարան:
Կը յայտնենք նաեւ, որ ՀՀ Անկախութեան 30-ամեակին կապակցութեամբ տրամադրուած պարգեւավճարներու գումարը ամբողջութեամբ՝ 10.740.000 դրամ, «Հայաստան» խմբակցութիւնը փոխանցած է Արցախի մէջ զինուորներուն համար գործող՝ Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոն»,․նշուած է խմբակցութեան յայտարարութեան մէջ։