image

Հայաստան- Ատրպէյճան բանակցութեանց առընթեր կասկածելի հռետորաբանութիւն կայ. Մարտինովէն դիտարկում

Հայաստան- Ատրպէյճան բանակցութեանց առընթեր կասկածելի հռետորաբանութիւն կայ. Մարտինովէն դիտարկում

Մոսկուայի մէջ մայիս 19-ին կայացած է եռակողմ հանդիպում՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ: Այդ ընթացքին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը յայտարարած է, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ Ալմա Աթայի պայմանագրի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի հարցով ըմբռնում կը նկատուի։ Իր հերթին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարած է Հայաստանի հետ բանակցութիւններու դրական շարժի մասին: Ռուս քաղաքագէտ Ալեքսէյ Մարտինովն այս առիթով նշած է, որ եթէ բանակցութիւններու մասնակիցներէն որեւէ մէկը կը կարծէ, որ առաջընթաց կը նկատուի, ուրեմն այն ուրուագծուած է։

«Բայց ես թերահաւատօրէն կը վերաբերիմ այդ բոլոր բանակցութիւններուն»,-աւելցուցած է քաղաքագէտը: Նման վերաբերմունք փորձագէտի մօտ ձեւաւորուած է յատկապէս Պրիւքսէլի մէջ բանակցութիւններու վերջին փուլէն ետք։ Յիշեցնենք, որ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ բանակցութիւններու աւարտին Եւրոխորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելը յայտարարած է, որ առաջնորդները ոչ երկիմաստ հաւատարմութիւն յայտնած են 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրին եւ, համապատասխանաբար, քսանինը հազար ութ հարիւր քառակուսի քիլոմեթր տարածքով Հայաստանի եւ ութսունինը հազար վեց հարիւր քառակուսի քիլոմեթր տարածքով Ատրպէյճանի ամբողջականութեանը:   

Ան աւելցուցած է, որ սահմանի վերջնական սահմանազատումը պիտի համաձայնեցուի բանակցութիւններու ընթացքին: «Այնտեղ Ալիեւն ու Փաշինեանը սիրալիր կը շփուէին՝ հակառակ անոր, որ հսկայական քանակութեամբ խնդիրներ այդպէս ալ չլուծուած ու չքննարկուած կը մնան»,-NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Մարտինովը։ Ան կը կարծէ, որ հակամարտութեան երկու կողմերը՝ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը, վարժ են այդ հակամարտութեան՝ որպէս ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան անբաժանելի մաս:   

«Մարդոց խաղաղութիւն պէտք է։ Անդրկովկասի մէջ մարդոց խաղաղութիւն պէտք է, ընդ որում՝ արդար  եւ երկարատեւ խաղաղութիւն։ Մարդոց խաղաղութիւն պէտք է, իսկ քաղաքական գործիչներուն՝ չեմ գիտեր.․․անոնք վարժ են, որ պատերազմը կարեւոր եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի շուրջ քաղաքական բովանդակութեան միակ բաղադրիչն է։ Այս բոլոր խօսակցութիւնները, քմծիծաղները, իրար նկատմամբ կասկածելի հռետորաբանութիւնը խորամանկութիւն են։ Խաղաղութիւնը պէտք է Հայաստանին, խաղաղութիւնը պէտք է Ատրպէյճանին»,-եզրափակած է փորձագէտը։