image

«Հայաստան 2023-ի Փառատօները. Սուզուեցէ՛ք աւանդոյթներու մէջ».Levon Travel-ի գլխաւոր ուղղութիւնը՝ Հայաստանն է

«Հայաստան 2023-ի Փառատօները. Սուզուեցէ՛ք աւանդոյթներու մէջ».Levon Travel-ի գլխաւոր ուղղութիւնը՝ Հայաստանն է

 Ամերիկայի Լոս Անճըլըս հայաշատ քաղաքին մէջ գործող ճամբորդական ընկերութեան հիմնական նպատակը կը շարունակէ դէպի հայրենիք՝ Հայաստան ճամբորդելու քաջալեր կանգնիլը։

Ընկերութիւնը գլխաւորութեամբ հիմնադիր՝ Կարպիս Թիթիզեանին ամառնային արձակուրդներուն առընթեր տարածած է հետաքրքրութիւն շարժող լրատւութիւն մը, ուր ներկայացուած են Հայաստան ճամբորդելու բարեմասնութիւնները ու նաեւ կարեւոր դրուագներ, թէ հայրենիք ճամբորդող ցանկացած անձ ինչ օգուտներ կրնայ քաղել, ինչ նորութիւններու ծանօթանալ ու ամենակարեւորը ՝«սուզուիլ հայկական մշակոյթի ակունքներ»ուն մէջ (ինչպէս նշուած խորագրին մէջ)։

 Ստորեւ անգլերէնէ թարգմանելով հրապարակուած նիւթը կը յանձնենք «Արեւելք»ի ընթերցողներու ուշադրութեան։

Մտածա՞ծ էք Հայաստանի դիտարժան փառատօները վայելելու մասին: Հարուստ պատմութիւն եւ աւանդոյթներ ունեցող մեր երկիրը վերջերս բազմաթիւ՝ գունեղ իրադարձութիւններու կեդրոն դարձած է: «Հայաստան 2023» փառատօները կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին, դարեր շարունակ պահպանած, հարուստ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։

Երբ Հայաստան ոտք դնէք, կը տեղափոխուիք աշխարհ մը, ուր հնագոյն ծէսերը համերաշխ կերպով միախառնուած են ժամանակակից արտայայտութիւններու հետ: Պատրաստուեցէք վայելելու աւանդական երաժշտութեան կշռութաւոր հնչիւնները, պարային կատարումները եւ ազգային խոհանոցի անուշաբոյր համերը:

 

Ակնարկ մը Հայաստան 2023 Փառատօներու մասին

Երբ բացայայտէք կանաչազարդ դաշտերն ու լեռներու ապշեցուցիչ տեսարաններու գեղեցկութիւնը, որոշ ժամանակ յատկացուցէք նաեւ հայկական փառատօներուն եւ վայելեցէք կեանքը: Այս արտասովոր իրադարձութիւնները կը խոստանան այցելուներուն սուզուելու հայկական խոհանոցին, գինեգործութեան եւ երաժշտութեան աշխարհին մէջ:

Որոշ փառատօներ աւելի քան 5 տարուայ պատմութիւն ունին, իսկ միւսները ի յայտ եկած են ընդամէնը մի քանի տարի առաջ: Երեւանի գինիի օրերուն կամ ոչխարներու խուզման փառատօնին մասնակցիլը մաքուր օդ շնչելու նման է։

Եթէ այս տարի կը նախատեսէք Հայաստան այցելել, ստացէք քանի մը խորհուրդներ եւ գաղափարներ, թէ ինչ պէտք է ընէք եւ ուր պէտք է երթաք արձակուրդի ընթացքին: Եկէք սկսինք ուսումնասիրելու 2023 թուականի ամենայայտնի իրադարձութիւնները:

Երեւանի Գինիի Օրերը

Երեւանի գինիի օրերը, ամրան առաջին շաբաթը տեղի ունեցող իւրօրինակ իրադարձութիւն մըն է։ Միջոցառումը, որ կը տօնէ Հայաստանի գինիի մշակոյթը, կը համախմբէ գինիի սիրահարները, փորձագէտները, զբօսաշրջիկներն ու Երեւանի բնակիչները։

Մայրաքաղաքին «գինիի փողոց»ը համարուող Սարեան փողոցը հասնելուն պէս, բացի գինեգործութեան եւ խաղողի տեսակներու վերաբերող քննարկումներէն, կը հանդիպինք նաեւ գինի համտեսողներուն: Հոն կը գտնենք տեղական գինիներու լայն տեսականի եւ համեղ ուտեստներ, երաժշտութեան ուղեկցութեամբ։ Այս տարի այցելուները վայելեցին 70 արտադրողներու աւելի քան 700 գինիի տեսակներ: Նկատի ունեցէք, որ կայ նաեւ «Կասթրօ» բաժին՝ համեղ նախուտեստներով:

Ոչխարներու խուզման Փառատօն

Այս հետաքրքրաշարժ իրադարձութիւնը՝ ոչխարներու խուզման մրցոյթի, կենդանի երաժշտական փառատօնի եւ տեղական արտադրանքներու տօնավաճառի խառնուրդ է: Կենդանի երաժշտութեամբ եւ աւանդական պարերով այս փառատօնը հաճելի փորձառութիւն մը կը հաղորդէ Հայաստանի գիւղական ժառանգութեան մասին:

Բացի ասկէ, այս տարի, 10 Յունիսին, Սիւնիքի մարզի Խոտ բնակավայրին մէջ տեղի ունեցած միջոցառումը հիանալի հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ վայելելու Հայաստանի հարաւը, իր իւրայատուկ բնութեամբ։

«Կասթրոֆէսթ» Դիլիջանի մէջ

Ընկղմեցէք հայկական հարուստ խոհանոցի բազմազան համերուն եւ բոյրերուն խորքը՝ հրաշագեղ Դիլիջանի մէջ, որ Հայաստանի Տաւուշ մարզի գոհարն է: «Կասթրոֆէսթ» 2023-ը ճաշատեսակներու վայելք է, ուր մէկ վայրի մէջ կը գտնէք 25-է աւելի ճաշարաններ եւ մասնագէտ խոհարարներ:

Բացի խոհարարական մրցոյթներէն եւ կենդանի երաժշտութենէնը հնարաւորութիւնը ունիք դառնալու սնունդի իսկական քննադատներ: Օգտուեցէք հնարաւորութենէն եւ քուէարկեցէք լաւագոյնին: Կազմակերպիչները կը խոստանան ընդլայնել միջոցառման շրջանակը՝ համախմբելով տարածաշրջանի լաւագոյն ճաշարանները։

Գարեջուրի օրեր

Գարեջուր խմել կը սիրէ՞ք: Եթէ այո, ապա այս տօնը ձեզի անպայման կը հիացնէ: Երբ Երեւանի գինիի օրերը կ՚աւարտին, ընթացք կ՚առնեն գարեջուրի օրերը։

22 եւ 23 Յուլիսին Երևանի կեդրոնը գտնուող Զաքեան փողոց այցելող զբօսաշրջիկները առիթը կ՚ունենան ըմբոշխնելու տեղական եւ միջազգային գարեջուրի հիանալի տեսականիները։ Իհարկէ, կենդանի երաժշտութեան եւ համեղ ուտեստներու ընկերակցութեամբ: Ամփոփելով, գարեջուրի սիրահարները անպայման պէտք է այցելեն եւ ուսումնասիրեն Հայաստանի մէջ զարգացող գարեջուրի արտադրութիւնը:

Սեւանի Երաժշտական Փառտօնը 

Սեւանի Երաժշտական Փառտօնի կարգախօսն է՝ «Երաժշտութեամբ փոխութիւն բերենք»։ Սեւանայ լիճի ափին տեղի կ՚ունենան համերգներ տեղական եւ միջազգային երաժիշտներու կատարումներով: Հնարաւորութիւնը կայ նաեւ կարգ մը զբօսանքներ կատարելու, ինչպէս լող եւ նաւով պտոյտ:

Նպատակը հայ տաղանդները քաջալերելն ու մշակութային կապեր հաստատելն է: Պատկերացուցէք, թէ ինչպէս լճափին պիտի վայելէք երաժշտութեան թրթիռները, դիտելով գեղատեսիլ լեռները:

Գաթայի Փառատօնը

Վայոց Ձորի մարզի Խաչիկ գիւղին մէջ տեղի կ՚ունենայ աւանդական Գաթայի փառատօնը` փառաւորելու համար հայկական ազգային այս խմորեղէնը: Գաթան քաղցր խմորեղէն է, որ կը պատրաստուի շերտ-շերտ խմորներէ եւ կը պարունակէ կարագի եւ շաքարի հարուստ խառնուրդ ու յաճախ համեմուած կ՚ըլլայ բաղադրիչներով, ինչպէս ընկոյզով կամ տարչինով: Այցելուները կը վայելեն գաթայի պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական երաժշտութիւնն ու պարը։ Իհարկէ, ամենամեծ գաթան համտեսելը օրուան գլխաւոր միջոցառումն է։

«Փիքնիք Փարթի»

Ամառը իտէալական է «Փիքնիք Փարթի»ի համար, յատկապէս, երբ տաք արեւոտ օրերուն կը վայելէք զովացնող պտղահիւթեր եւ խմիչքի տեսակներ: Կազմակերպիչները կը խոստանան, որ հոն կը գտնէք խմիչքներու եւ «քոքթէյլ»ներու մեծ տեսականի։ Միեւնոյն ժամանակ կը վայելէք ուտելքներու տեսակներ եւ կը դիտէք ֆիլմեր:

 

Ինչպէ՞ս ներկայ գտնուիլ Հայաստանի Փառատօններուն 

Այժմ եկէք ուսումնասիրենք, թէ ինչպէս ներկայ պիտի գտնուիք 2023 թուականի աշխոյժ միջոցառումներու շարքին: Levon Travel-ը ուրախութեամբ օգտակար կ՚ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին ընբոշխնել Հայաստանը: Մենք կը ներկայացնենք զբօսաշրջութեան եւ ճամբորդութեան հետ առնչուած ծառայութիւններու լայն տեսականի, ներառեալ տոմսեր, կացարան, ինքնաշարժի վարձոյթ եւայլն: Մեր գործն է ստեղծել անմոռանալի փորձառութիւն մը եւ իւրաքանչիւր հիւր տեսնել որպէս VIP եւ հոգալ ճամբորդներուն բազմազան կարիքներն ու նախասիրութիւնները: Այնպէս որ, շտապեցէք, հաւաքեցէք ձեր ճամպրուկները եւ մեզի հետ բացահայտեցէք Հայաստանը։

 

 «Արեւելք»ի համար հայացուց՝  Ն. Տաղլեան