«Հայաքուէ»-ի նախագիծը չընդգրկուեցաւ Ազգային ժողովի օրակարգին մէջ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկեց։
Դեկտեմբեր 4-ին ալ Ազգային Ժողովի պետաիրաւական յանձնաժողովը բացասական եզրակացութիւն տուած էր «Հայաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան օրէնքի նախագիծին։
Ազգային ժողովի՝ դեկտեմբեր 5-ի նիստի մեկնարկին Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, անդրադառնալով «Հայաքուէ» անունով յայտնի քաղաքացիական նախաձեռնութեան, տեղեկացուց, որ նստաշրջանի օրակարգ ներգրաւելու համար հարցը պէտք է քուէարկուի առանձին՝ յիշեցնելով, որ յանձնաժողովը վերջինիս բացասական եզրակացութիւն տուած է:
Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը, անդրադառնալով Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովի նիստի որոշման, նկատեց, որ հերթական անգամ քաղաքական մեծամասնութիւնը թոյլ չտուաւ՝ ընդդիմութեան նախաձեռնած հարցը մտնէ նստաշրջանի օրակարգ եւ քննարկուի նիստին, եւ որ այս կերպ կ՚ոչնչացուի «փարլամենթարիզմ»ը:
Խօսքն ուղղելով ընդդիմութեան՝ Ազգային Ժողովի խօսնակ Ալեն Սիմոնեանը հարցուց. «Երբ օրէնքն ընդունուէր, մեր դաշնակից Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին դատելո՞ւ էինք Արցախը Ադրբեջանի կազմում ճանաչելու համար»:
Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը նստած տեղէն դրական պատասխան տուաւ՝ բոլորին:
Պետաիրակաւական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը յիշեցուց, որ ընդդիմութեան նախաձեռնութեան մասով յանձնաժողովն ունեցած է եթէ ոչ ամենաերկար, ապա ամենաերկար նիստերէն մէկը, եւ որ հանգամանալից քննարկուած է հարցը:
«Մենք զգուշացրել ենք ձեզ, որ Ազգային Ժողովի կանոնակարգ օրէնքներով եւ աշխատակարգով հնարաւոր չէ նախագծի լրամշակում, եթէ յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն չի տուել որեւիցէ առաջարկին, որը պէտք է ներկայացուի»,-ըսած է Վլատիմիր Վարդանեանը եւ աւելցուցած, որ եթէ յետաձգուէր նախագիծի քննարկումը, ապա, հանրաքուէի մասին սահմանադրական օրէնքի համաձայն, նախագիծը պիտի դիտարկուէր որպէս Ազգային Ժողովի կողմէ փաստի ուժով մերժուած եւ ատով պիտի կանխարգելուէին նաեւ «Հայաքուէ» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հետագայ գործողութիւնները, որոնք հիմնուած են ոչ թէ Ազգային Ժողովի կանոնակարգ օրէնքի, այլ հանրաքուէի մասին սահմանադրական օրէնքի վրայ:
«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը յայտարարեց, որ ՔՊ-ն նախագիծին դէմ պիտի քուէարկէ, քանի որ յանձնաժողովը դէմ քուէարկած է: Իր ելոյթի ժամանակ ան նաեւ նկատեց, որ նախագիծը խնդիր պիտի չլուծէ, այլ բազմաթիւ խնդիրներ պիտի ստեղծէ:
Քուէարկութեան արդիւնքով նախագիծը 26 կողմ եւ 57 դէմ ձայներով մերժուեցաւ եւ չընդգրկուեցաւ 8-րդ գումարման 6-րդ նստաշրջանի օրակարգին մէջ: