image

Հայ ժողովուրդը պէտք է պատրաստ ըլլայ համաժողովրդական մեծ անհնազանդութեան. Իշխան Սաղաթէլեան

Հայ ժողովուրդը պէտք է պատրաստ ըլլայ համաժողովրդական մեծ անհնազանդութեան. Իշխան Սաղաթէլեան

Ժողովուրդը պէտք է պատրաստել համաժողովրդական մեծ անհնազանդութեան։ Այս մասին Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան։

Անոր խօսքով`երկիրը դասական, չափանիշական իրավիճակի մէջ չէ, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը զբաղի միայն ընթացիկ խնդիրներով ու բարձրաձայնէ արդիական հարցեր, օրինակ՝ ընկերային-տնտեսական ոլորտի, գիւղատնտեսութեան մէջ: Անվտանգութեան խնդիրներու համեմատ անոնք երկրորդական են։

«Հայ ժողովրդի գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի քաղաքացիների անվտանգութիւնն է եւ պետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը»,- ըսած է Սաղաթէլեան։

Այլ կարեւոր հարցերու շարքին է նաեւ շրջափակուած Լեռնային Ղարաբաղը՝ 120 հազար քաղաքացիներով։

Խորհրդարանական ընդդիմութեան հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ գործող իշխանութիւններու վերացումը, որոնք, ըստ Սաղաթէլեանին, կը սպասարկեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ օրակարգը։

«Պէտք է ժողովրդին պատրաստել համաժողովրդական մեծ անհնազանդութեան, այլ ճանապարհ չկայ»,- ըսած է Սաղաթէլեան։

Անոր խօսքով`իրենք արդէն երկու փորձ ըրած են, բայց պէտք է փորձել, մինչեւ յաջողի։