Դուն՝ յաղթապանծ, դուն՝ փառապանծ,
Դուն արփաշո՜ղ հայ պատանի,
Սրբութիւն մը կայ մեծասքանչ
Արեանըդ մէջ՝ քեզ արժանի։
Դուն Մասիսի լանջքն ես հզօր,
Ազատութեան կա՛նչ զօրաւոր,
Քու հայ սիրտը, սիրտըդ կորիւն,
Արեան գոյնի պէս անփոփոխ,
Որ պայքարովը հայ դատի
Ան համբարձաւ ու ետ ծնաւ
Հիմա քու մէջ՝
Քեզմէ շա՜տ մեծ պահանջք մ'ունի...
Գիտեմ՝ գիտես, քանակը չէ՛ ուժն աշխարհի,
Միտքն է մարդու հրկիզաւոր, ինչ՝ դուն ունիս։
Ուստի կը յիշեցնեմ այսօր,
Որ լաւ ճանչնաս արժէքըդ սուրբ,
Ու չփակես դուռը սրտիդ,
Որ բաց մնան՝ հարիւրամեայ
Հոգիներու դռները լուռ,
Որոնց շունչով ես դուն ծներ
Ու խոր հաւատքով հոգելից։
Թող չշնչաս դուն ոչ մէկ շունչ
Օտար երկրիդ մէջ անցաւոր,
Առանց մտքիդ մէջ ապրելով
Քու պապերուդ շունչը անմեռ։
Շնչէ այնպէս՝
Ինչպէս կարծես Մասիսըն ես,
Սիրտըդ կապէ իր լայն սրտին,
Հեռո՜ւն, անտուն, որբ ու ողբին,
Սակայն անուամբը քու հպարտ՝
Փայփայէ զինք որդիաբար,
Որ իմանաս վիշտը սարիդ.
Բայց եւ ապրէ հայ պարծանքով,
Որ ե՛ւ ապրի ազգըդ հզօր
Կայլակ