image
Հրատապ լուրեր:

Հայազգի նոր անդամներ Սուրիոյ արուեստագէտներու արհմիութեան մէջ

 Հայազգի նոր  անդամներ Սուրիոյ արուեստագէտներու արհմիութեան մէջ

Օրերս Սուրիոյ արուեստագէտներու Արհմիութիւնը  հրապարակած է ցուցակները այն անդամներուն, որոնք յաջողած են ընդունուիլ արհմիութիւն  ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ։ 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Արհմիութեան դիմատետրեան էջէն:

Հարկ է նշել, որ 2021-ի Դեկտեմբերին, Սուրիոյ արուեստագէտներու արհմիութիւնը դրական նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկած էր, բանալով անդամակցութեան դուռը հարիւրաւոր արուեստագէտներու առջեւ, , ինչպէս նաեւ առիթ տուած նախապէս որակազրկուած անդամներուն նորոգելու իրենց անդամակցութիւնը: 

Այս նախաձեռնութենէն օգտուելով,սուրիահայ երիտասարդ արուեսագէտներ իրենց անդամակցութեան դիմումը ներկայացուցած էին արհմիութեան:

Հրապարակուած յաջողակ անուններուն մէջ տեղ գտած են հայ համայնքի արուեստագէտներ՝ Պետրօ Պարսումեան (դերասանութիւն), Շանթ Փիլաւճեան (դերասանութիւն), Սարգիս Աւագեան (ջութակ) եւ Դաւիթ Մելքոնեան (ջութակ):

Նշենք որ Պետրօ Պարսումեան արդէն բաւական դերեր խաղացած է շատ մը տեսաշարերու մէջ ինչպէս՝ «Տաքիքէթ Սամթ» (Վայրկեան մը լռութիւն), նաեւ շարժանկարներու մէջ ինչպէս՝ «Ամինէ»:

Իր հերթին Շանթ Փիլաւճեան յաճախ ճոխացուցած է հալէպահայ թատերական բեմերը իր դերերով: 

Իսկ ջութակահարներ՝ Սարգիս Աւագեան եւ Դաւիթ Մելքոնեան ունին իրենց քառեակ նուագախումբը, որ ելոյթներ ունեցած է զանազան բեմերու վրայ: Անոնք նաեւ մաս կազմած են Հալէպի Հ.Ե.Ը.-ի «Կոմիտաս»ի անուան Սենեկային նուագախումբին:

Սուրիոյ հայկական գաղութի արուեստագէտները, անկախ պատերազմի ծանր պայմաններէն, միշտ ատակ են նուաճելու մշակոյթի ոլորտին մէջ նորանոր բարձունքներ: 

 

 Կը շնորհաւորենք։