image

Հայ խոհարար Կարէն Թորոսեանի «Բոզար» ճաշարանը լաւագոյններու 100-եակին մէջ

Հայ խոհարար Կարէն Թորոսեանի «Բոզար» ճաշարանը լաւագոյններու 100-եակին մէջ

Պրիւքսէլի մէջ գործող հայ շեֆ խոհարար Կարէն Թորոսեանի «Բոզար» ճաշարանը ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյն ճաշարաններէն մէկը՝ զբաղցնելով 63-րդ տեղը Մեծ Բրիտանիոյ 2024 թուականի աշխարհի 50 լաւագոյն ռեստորաններու «51-100» ընդլայնուած ցանկին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Հայ խոհարար Կարէն Թորոսեանի «Բոզար» ճաշարանը կը գտնուի Պրիւքսէլի հանրայայտ «Փալէ տէօ Պոու Արթս»ին մէջ եւ մեծ հռչակ կը վայելէ որպէս ընտիր եւ բարձրորակ սնունդի կեդրոն։ «Բոզար»ը իր յաջողութիւններու շղթային վրայ աւելցուց նոր տիտղոս մը, 63րդ տեղը գրաւելով աշխարհի լաւագոյն ճաշարաններու հարիւրեակին մէջ։ «Լաւագոյն ճաշարաններ-2024» ցանկը պատրաստուած է Մեծն Բրիտանիոյ հեղինակաւոր կեդրոնի մը կողմէ։

Շէֆ-խոհարար եւ «Բոզար»ի սեփականատէր Կարէն Թորոսեան անցեալ տարի արժանացած էր իր երկրորդ Միշլընի աստղին, փաստելով խոհարարական գերազանցութիւն ու նորարարութիւնները։

Ամէն տարի, վերոյիշեալ վարկանիշային ցանկը կը կազմուի 1080 անկախ խոհարարական փորձագէտներու կողմէ, որոնց միջեւ կան խոհարարներ, սնունդի լրագրողներ եւ ճաշարանատէրեր։ Անոնք իրենց դիտարկումները ամփոփելով կը կազմեն 100 լաւագոյն ճաշարաններու ցանկը։

«Բոզար»ի ընդգրկումը ցոյց կուտայ որ հայ խոհարարի սնունդի օճախը միջազգային համբաւ ունի ու խոհարարական նորամուծութիւններով կը գրաւէ այցելուները։ «Բոզար»ի ճաշացանկը կը շարունակէ առաջարկել պելժիական նոր խոհանոցի ուտեստները, զորս կը պատրաստեն Թորոսեանի «խոհարարներու խումբ»ի անդամները։