Վերջին նորութիւններէն է Երեւանի սրտին մէջ «Կիւստավ» ճաշարանի հիմնումը։
Վայր, ուր գլխաւոր նպատակը միայն ամենատարբեր ու արդիական ոճերով պատրաստուած ուտելիքներու ներկայացումը չէ, այլ առաջին հերթին վերաբերմունքը։
Ճաշարանի համասեփականատէր Նարեկ Սֆէյրը, որ օրերս զրուցած է «Հայերն այսօր»-ի լրագրողի հետ, նշած է, որ իրենք միայն «լաւ հաց չեն տար», այլ ցոյց կու տան վերաբերմունք։
«Մեր մօտ եկող ցանկացած յաճախորդ նախ եւ առաջ հիւր է»,-ըսած է Նարեկը, նշելով, որ հիւրերու հետ կը վարուին այնպէս, ինչպէս կը վարուէին տան մէջ։
«Նախ հաց եւ ջուր կու տանք, որովհետեւ մենք յաճախորդ չունինք, մեր մօտ բոլորը հիւրեր են...»
Լիբանանահայ Նարեկ Սֆէյրի եւ անոր գործընկերներուն հիմնադրած «Կիւստավ»-ն արդարեւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կարողացաւ դառնալ փնտռուած եւ սիրելի վայր բոլոր անոնց համար, որոնք կ՚արժեւորեն հանգիստ ու խաղաղ միջավայրի մէջ բարձր ճաշակով պատրաստած ուտեստներ վայելելն ու ընկերներու, հարազատներու հետ լաւ ժամանակ անցնելը։
Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ.
«Ոչ միայն յաճախորդ այլ պատուական հիւր». Երեւանի մէջ սկսած է գործել՝ Սփիւռքահայերու հիմնած «Կիւստավ» ճաշարանը pic.twitter.com/Mg8YVyuB4q
— arevelk.am (@arevelk1) January 5, 2024