image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանը կորսնցուցած է իր մէկ աչքը. The New York Times (Լուսանկար)

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանը կորսնցուցած է իր մէկ աչքը. The New York Times (Լուսանկար)

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոճթապա Ամանին երէկ «Փէյճըր» հաղորդակցութեան սարքի պայթումի հետեւանքով  կորսնցուցած է մէկ աչքը, իսկ միւսը ծանր վնասուածք ստացած է, գրած է The New York Times-ը։

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի անդամները պարբերականին պատմած են, որ Ամանիի վնասուածքներն աւելի լուրջ են, քան ի սկզբանէ կը հաղորդուէր. անոր երկրորդ աչքը նոյնպէս մեծ վնաս կրած է,  եւ ան բուժման համար պիտի տեղափոխուի Թեհրան:

Իրանը Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած «Փէյճըր»ի պայթումներն արդէն անուանած է «ցեղասպանութիւն»՝ ատոր համար մեղադրելով Իսրայէլը: Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Նասեր Քանաանին։

«Սա ցեղասպանութեան վկայութիւն է։ Իսրայէլը կրկին կը սպառնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան. Սա կը պահանջէ հրատապ միջազգային գործողութիւններ»,-ըսած է ան:

Լիբանանի մէջ «Փէյճըր»ի պայթումներու հետեւանքով տուժածներու թիւը գերազանցած է 4 հազարը, 11 մարդ զոհուած է, հաղորդած է երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը։ Լիբանանի մէջ դեռ չեն հասկցած, թէ ինչու միաժամանակ պայթած է կապի տասնեակ սարքեր։

Reuters-ը, յղում ընելով աղբիւրներուն, յայտնած է, որ իսրայէլեան «Մոսատ»-ն, իբր, կրնար պայթուցիկներ տեղադրել Թայուանի մէջ արտադրուած՝ «Հըզպալլա»-ի պատուիրած 5 հազար «Փէյճըր»ի մէջ։ Լիբանանի անվտանգութեան ուժերուն մօտ գտնուող գործակալութեան աղբիւրի համաձայն՝ սարքերն արտադրուած են թայուանական Gold Apollo ընկերութեան կողմէ։

Ինքը՝ ընկերութիւնը, Reuters-ին հերքած է այս տեղեկութիւնը եւ յայտնած, որ սարքերն արտադրուած են եւրոպական ընկերութեան կողմէ, որ իրաւունք ունի օգտագործելու իր ապրանքանիշը։