Ատրպէյճանը պիտի կրճատէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ծախսերը՝ գրեթէ 7%-ով։
Այս մասին հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուականները՝ յղում ընելով Ատրպէյճանի ելեւմուտի նախարարութեան։
2025 թուականին այդ կարիքներու համար նախատեսուած է յատկացնել 3,9 միլիառ տոլար։
Ատրպէյճանական նաւթի պիւտճէի գինը 2025 թուականին պիտի կազմէ 70 տոլար։ Ատրպէյճանի այս տարուան պետական պիւտճէի մէջ նաւթի գինը սահմանուած է 75 տոլար։