image
Հրատապ լուրեր:

Հանրայայտ մտաւորական Լեւոն Թորոսեանի կորուստը՝ Վիեննայի մէջ

 Հանրայայտ  մտաւորական   Լեւոն Թորոսեանի կորուստը՝ Վիեննայի մէջ

Այսօր  Վիեննայի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է   սփիւռքահայ  հանրածանօթ մտաւորական, արուեստի տեսաբան՝ Լեւոն Թորոսեան։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ    Աւստրիոյ մեր  հայրենակից՝ Տիար Սեպուհ Պաղտոյեանէն։

 Պաղտոյեան  իր հաղորդած  բօթի կողքին     խմբագրութեանս  յղած էր հակիրճ մահագրական   մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Այսօր առաւօտեան  Վիեննայի մեջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, կեանքէն հեռացաւ՝ ծանօթ գիտնական, բառարանագէտ, հասարակական գործիչ,  ազնուական ու բարեսիրտ, եզակի Մուսալեռցի ՝ Պրն.Լեւոն Թորոսեանը: Մեր խորին ցաւակցութիւնները իր տիկնոջ եւ ընտանեկան պարագաներուն։ Իր կորուստով մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ հայրենասէր եւ ծառայասէր  մեծ հայորդի մը։

Յայտնենք որ Պրն.Լեւոն Թորոսեանը ծանօթ Մուսալեռցի գրող Յակոբ Թորոսեանի որդին է։Ան վերջին տասնամեակին տարբեր ձեւերով օժանդակած է Այնճարին՝ յատկապէս մեր վարժարաններուն։

Լոյս իր անմեռ յիշատակին։