image

Հայաստանի համար ՀԱՊԿ-էն վտանգ չկայ․ Փեսքով արձագանգած է Փաշինեանի յայտարարութեան

Հայաստանի համար ՀԱՊԿ-էն վտանգ չկայ․ Փեսքով արձագանգած է Փաշինեանի յայտարարութեան

Քրեմլը կտրականապէս համաձայն չէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ անոր գնահատականի հարցով: «Կազմակերպութիւնը որեւէ վտանգ չի ներկայացնում Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար»,-ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«ՀԱՊԿ-էն որեւէ վտանգ չի կրնար բխիլ եւ չի բխիր Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար։ Ընդհակառակը, այդ կազմակերպութիւնը կը պաշտպանէ անդամ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը։ Մենք այդ դիրքորոշումը համբերատար կը հասցնենք Հայաստանի ղեկավարութեան»,-ըսած է ան լրագրողներուն։

Փեսքովի խօսքով՝ Հայաստանի հետ շփումները պիտի շարունակուին, քանի որ Երեւանը մօտ գործընկեր է։