«Խաղաղութեան պայմանագրի» ընկալումները, երբեմն Ատրպէյճանի մէջ հնչող որոշ մեկնաբանութիւնները՝ Հայաստանի մէջ հնչող որոշ մեկնաբանութիւններու հետ, կարծես հայելային են, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ալ կայ տեսակէտ, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է բոլոր հնարաւոր հարցերը լուծէ, Ատրպէյճանի մէջ ալ կայ տեսակէտ, որ «Խաղաղութեան պայմանագիրը» բոլոր հնարաւոր հարցերը պէտք է լուծէ:
Այս մասին Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթնաժողովին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ պատասխանելով հարցին, արդեօք խաղաղութեան պայմանագրով գերիները պիտի վերադարձուին:
«Իմ կարծիքով, «Խաղաղութեան պայմանագիր»ն է, որ պէտք է լուծի այդ հարցը, անկախ նրանից՝ դա այնտեղ գրուած է, թէ՝ չէ, որովհետեւ «Խաղաղության պայմանագիր» նշանակում է ուրիշ մթնոլորտ, ուրիշ յարաբերութիւններ: Մենք այսօր ինչ ենք ասում. «խաղաղութեան պայմանագիր»ը ՝ ներառեալ Ադրբեջանի կողմից արուած յայտարարութիւնները, 80 տոկոսով համաձայնեցուած է»,-ըսած է ան: