Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի, սփիւռքի եւ Հայաստանի կապուած այժմէական հարցեր:
Երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2022-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Երկու հոգեւոր պետերը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցան: Հանդիպումին ներկայ էին Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, միջեկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի, սփիւռքի եւ Հայաստանի կապուած այժմէական հարցեր: