image

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի. Հայր Գրիգոր եւ Հայր Բարսեղ Եպիսկոպոսական կոչում ստացան

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի. Հայր Գրիգոր եւ Հայր Բարսեղ Եպիսկոպոսական կոչում ստացան

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին այսօր երկու նոր եպիսկոպոսներով օժտուեցաւ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Կը նշուի, որ Գերյ. Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ եւ Գերյ. Հայր Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան ստացած են եպիսկոպոսական կոչում։ Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ երկու միաբաններուն եպիսկոպասական կոչումը կը յաջորդէ Հռոմի մէջ գոյացած Հայ Կաթողիկէ միաբաններու Սուրբ Սիւնհոդոսին, որ մէկէ աւելի դէտերու կողմէ առած է պատմական որոշումներ։ Եւ այդ որոշումներու հիմնական ընկալումը կը վերաբերի թեմերէն ներս նոր աւիւն եւ եռանդ բերելու ճիգերուն։

Եւ այսպէս, Գերյ. Հ. Գրիգոր Պատիշահ անուանուած է որպէս օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի Կաթողիկէ Հայոց Թեմին, իսկ Գերյ. Հայր Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան անուանուած է որպէս օգնական եպիսկոպոս ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի Կաթողիկէ Հայոց Թեմին։

Ստորեւ հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք երկու նորակոչ Եպիսկոպոսներուն կենսագրական տուեալները 

Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ

Աւազանի անունով Ռոպէր։

Ծնած է 1 Փետրուար 1983ին, Լիբանան-Պէյրութ, Սըն Էլֆիլի շրջանը եւ յաճախած՝ Մեսրոպեան վարժարանը։ 

Փոքր տարիքէն Զմմառու Սուրբ Միքայէլ նորընծայարան մուտք գործած է, յաճախելով Ֆէիթրունի Պօղոսեան հայրերու դպրոցը։ Նախակրթական ուսումը աւարտելէ եւ Միաբանական խոստումը տալէն ետք, կը յաճախէ Պօղոսեան հայրերու համալսարանը՝ ուր իր իմաստասիրական ( 2004) եւ աստուածաբանական ուսումը կ՛աւարտէ 2007 թուականին` մագիստրոսական աստիճանով։

2006ին, ձեռամբ Երջանկայիշատակ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքի փոքր կարգերն ու կիսասարկաւագութեան տուչութիւնը կը ստանայ, ապա 2009ին Սարկաւագական ձեռնադրութեամբ՝ իր մշտնջենաւոր ուխտերը Հայրապետին ձեռքերուն մէջ կը յանձնէ, անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան։ 

2007էն մինչեւ 2009 Հռոմ կ՛ուղարկուի իր մասնագիտական ուսումները շարունակելու Յիսուսեան Հայրերու Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, իր ուսումը կ՛աւարտէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուցման մագիստրոսական աստիճանը ստանալով։

11 Դեկտեմբեր 2010ին, ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքին, Սուրբ Եղիա եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Քահանայ կը ձեռնադրուի, ստանձնելով Զմմառու Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի փոխ-տեսուչի պատշտօնը։ 

2011էն մինչեւ 2016, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանէն ներս կը պաշտօնավարէ՝, որպէս փոխ-տեսուչ եւ Իտալիոյ մօտ Պատրիարքական փոխանորդութեան մատակարարական խորհուրդի փոխ նախագահ։

2012ին Սալէզեան Հայրերու համալսարանէն ներս կը մասնակցի կազմաւորողներու կազմաւորման դասընթացքի։

2012-ին, Լատերանեան քահանայապետական համալսարանի, Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կաճառէն ձեռք կը ձգէ Աստուածաբանութեան մագիստրոսական աստիճան` Ընտանիք եւ Ամուսնութիւն մասնաճիւղով։

2014էն մինչեւ 2016 թուականին, զուգահեռ ձեւով, որպէս օգնական Վարդապետ ծառայած է, Հունգարիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին։ 

2017ին, Զմմառու Սուրբ Միքայէլ Նորընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Տեսուչ կ՛անուանուի մինչեւ 2024։

2019-էն մինչեւ օրս Սուրբ Խաչ- Հարպոյեան դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնը վարած է, եւ միաժամանակ քրիստոնէական դասաւանդած` մինչեւ 2023:

2019էն մինչեւ օրս կը շարունակէ ծառայել, որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի քարտուղար։ 

2019էն մինչեւ 2021 անուանուած է Պէյրութի թեմի Քրիստոնէական կրօնի դասաւանդման յանձնախումբի նախագահ։ 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ընդհանուր ժողովով, Օգոստոս 2023ին, վարչական կը վերընտրուի եւ Զմմառու Վանքէն ներս կը ծառայէ, որպէս ներքին մատակարար, արխիւապետ եւ ընդհանուր քարտուղար։ 

3 Ապրիլ 2024ին, Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի ընտրութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի համաձայնութեամբ Եպիսկոպոս կ՛ընտրուի եւ կ՛անուանուի որպէս օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի Կաթողիկէ Հայոց Թեմին։

Նախագահութեամբ՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, 7 Ապրիլ 2024-ի առաւօտեան, ժամը 10։30ին, նորընտիր եպիսկոպոս՝ Արհ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցէ Զմմառու Մայրավանքի Փոխման Կուսին Եկեղեցւոյ մէջ։ 

 

Գերյարգելի Հայր Բարսեղ Ծ. Վրդ. Պաղտասարեան

Աւազանի անունով Մանուէլ։

Ծնած է 21 Փետրուար 1975ին, Պէյրութ-Լիբանան Պուրճ Համուտի շրջանը եւ յաճախած՝ Մեսրոպեան վարժարանը։ 

8 Օգոստոս 1988ին, Զմմառու Սուրբ Միքայէլ նորընծայարան մուտք գործած է, ապա 1996ին, նախակրթական ուսումը աւարտելէ եւ Միաբանական խոստումը տալէն ետք, կը յաճախէ Պօղոսեան հայրերու համալսարանը՝ ուր իր իմաստասիրական ուսումը կ՛աւարտէ 1996-ին։

Ապա Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան կ՛ուղարկուի իր աստուածաբանական ուսումները շարունակելու Յիսուսեան Հայրերու Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ, այնուհետեւ կը մասնագիտանայ եկեղեցական կանոնագիտութեան եւ Մարիամաբանութեան ոլորտով։ 

2 Սեպտեմբեր 2000ին, ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս-Պատրիարքին, Սուրբ Եղիա եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Քահանայ կը ձեռնադրուի, եւ Հալէպի Սուրբ Միքայէլ փոքր ընծայարանին մէջ փոխ-տեսուչի պաշտօնը կը վարէ։ 

Սեպտեմբեր 2002էն մինչեւ Օգոստոս 2007 անուանուած է ժողովուրդապետ՝ Դամասկոսի «Մայր Տիեզերաց» Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան որու զուգահեռ պաշտօնավարած է որպէս հաշուակալ Սուրիոյ Կարիտասի եկեղեցական հաստատութեան։ 

Օգոստոս 2007ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը զինք կ՛ընտրէ որպէս վարչական եւ ներքին մատակարար Զմմառու Մայրավանքին։

Օգոստոս 2011ին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը զինք կը վերընտրէ որպէս վարչական եւ արտաքին մատակարար Զմմառու Մայրավանքին ու իրեն կը յանձնուի տեսուչի պաշտօնը՝ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի դպրեվանքի։ 

2012ին, Հռոմի Սալէզեան Հայրերու համալսարանէն ներս կը մասնակցի կազմաւորողներու կազմաւորման դասընթացքի։

2012էն մինչեւ 2017 Պէյրութին մէջ ծառայած է որպէս՝ դատախազ Հայ Կաթողիկէ եւ Մարոնի Հոգեւոր դատարաններու մէջ եւ իբր ներկայացուցիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լիբանանի Կարիտասի եկեղեցական հաստատութեան մօտ։ 

11 Սեպտեմբեր 2017ին, Լոս Անճելոսի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ կ՛անուանուի մինչեւ օրս։ 

3 Ապրիլ 2024ին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի ընտրութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի համաձայնութեամբ Եպիսկոպոս կ՛ընտրուի եւ կ՛անուանուի որպէս օգնական եպիսկոպոս ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի Կաթողիկէ Հայոց Թեմի։