Գանատահայ քաղաքական գործիչ, պատգամաւոր ՝ Արիս Պապիկեան կը գրէ ՝
Խոր վիշտով տեղեկացայ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչ, Օթթաուայի գրասենեակի նախկին պատասխանատու և տարիներու ընկեր և գործակից՝ Ռուբէն Գույումճեանի մահուան բօթը:
Պատիւը ունեցած եմ Ռուբէնին հետ համագործակցելու Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն , Գանտահայ ծերակույտի, խորհրդարանի, և գործադիր մարմիններու կողմէ։
Ռուբէնը ինծի համար սոսկ ընկեր և քաղաքական գործիչ մը չէր՝։Ան եղբօրմէ աւելի հարազատ անձ մըն էր ինծի համար։
Մեր 35 տարուան համագործակցութիւնը անկիւնադարձ էր իմ անձնական, ընտանեկան և քաղաքական կեանքէս ներս։ Իր ներդրումները, խրատները, ցուցմունքները միշտ բարձր գնահատած եմ։
Ռուբէնը նուիրուած անձ մըն էր Գանատահայութեան, Հայ Դատին և Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքներուն։
Ան բարի, անկեղծ, պարկեշտ և սկզբունքի տէր անձնաւորութիւնն էր։ Ռուբէնը այն անհատներէն էր, որուն համար Հայ ազգին շահը և մանաւանդ Գանատահայութեան շահը գերագոյն նպատակ էր։
Ան իր անկեղծութեամբը՝ իրականութիւնները բացայայտելու չէր տատամսեր, ճշմարտութիւնը լուսարցակի տակ առնելով, որքան ալ անընդունելի ըլլար լսարանին անդրադարձը ի լուր այդ մէկին։
Սիրելի Ռուբէն՝ մեր 35 տարուայ յաճախակի ճամբորդութիւնները Գանատայի մայրաքաղաք ՝ Օթթաուա, տեսակցելու քաղաքական անձնաւորութիւններու, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու , մամուլի և ոչ պետական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, միշտ վառ պիտի մնայ իմ յիշողութեանս մէջ։ Այս առիթով պիտի յիշատակեմ գլխագիր տարրով ողբեցեալ Պօղօս Փօլ Տուզճեանի մասնակցութիւնը եւ ներդրումը վերոյիշեալ հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն և ծրագրման աշխատանքներուն։
Ռուբէնին կորուստը շատ ծանր է, որովհետեւ իր առյաւէտ բաժանումով,Գանատահայութիւնը կորսնցուց արժէքաւոր և թանկագին անձնուռաց անձնաւորութիւններէն եզակի և գլխագիր հայ մարդ մը։
Հայ Դատը միշտ առաջնահերթութիւն եղած էր իրեն համար։
Իմ Խորհին ցաւակցութիններս կը յայտնեմ Գույումճեան ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:
Հաւատաւոր , բառին ամբողջական իմաստով ԸՆԿԵՐ մը առյաւէտ կորսնցնելը, մշտական վիշտ կը յառաջցնէ եւ գրեթէ անկարելիութեան առջեւ կ՛ըլլաս երբ կը փորձես իր բացակայութիւնը լեցնել այլ միջոցներով։
Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ Ռուբէն: Հողը թեթեւ գայ վրադ։Յիշատակդ միշտ վառ մնայ բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք քեզի մօտէն ճանչցան:
Այս երկրի վրայ քու պարտականութիւններդ լիովին կատարած` բարի ճանապարհ դէպի անդէական։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի Ամէն։
Ցաւակից ընկեր,
Արիս Պաապիկեան
Սքարպորօ-Էյճիքորթ-ի
Խորհրդարանի անդամ