Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման թեման, ինչպէս հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման միւս խնդիրները, շատ զգայուն է, շաբաթական ճեպազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան՝ պատասխանելով NEWS.ru-ի հարցին։
Անոր խօսքով՝ տեղին չէ մեկնաբանել կողմերու դիրքորոշումները մինչեւ յստակ պայմանաւորուածութիւններու ի յայտ գալը։
«Խաղաղութեան պայմանագրի թեման, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման այլ հարցեր, շատ զգայուն է։ Յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելէն առաջ անտեղի կը համարենք մեկնաբանել կողմերու դիրքորոշումները»,- ըսած է Զախարովան։
Դիւանագէտը յիշեցուցած է նաեւ, որ անցած շաբաթ Երեւան էր ՌԴ ԱԳ նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իգոր Խովաեւ։ Իր շրջագայութեան ծիրէն ներս ան շարք մը խորհրդակցութիւններ կատարած է Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան հետ, իսկ այժմ կը գտնուի Պաքու՝ հանդիպելու ատրպէյճանական կողմին հետ։ Այս շփումներու ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, կը քննարկուին խաղաղութեան պայմանագրի հարցեր։