image

Հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ. Այդ մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներէն

Հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ. Այդ մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներէն

Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը «կը շարունակուի եւ միանգամայն կենդանի է», յայտարարած են արտաքին գործոց նախարարութեան երկու բարձրաստիճան պաշտօնեայ՝ ատրպէյճանական Թուրան գործակալութեան՝ Ուաշինկթընի մէջ թղթակցի հետ զրոյցին:

Պաշտօնեաները պատմած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը քանի տարի է կը փորձէ ճանապարհ գտնել արդար, կայուն խաղաղութեան հասնելու համար, եւ այդ գործընթացը կը շարունակուի:

«Կողմերը պատրաստ են վերադառնալու Ուաշինկթըն՝ երկխօսութիւնը շարունակելու համար»,- նշած է զրուցակիցը։

Միացեալ Նահանգները շատ յստակ եղած է այն հարցով, որ տեւական եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու առաջին քայլը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի կարգաւորումն է։

«Մենք շատ մտահոգուած ենք այժմ այնտեղ տիրող իրավիճակով, եւ մենք շատ կեդրոնացած ենք հարցը լուծելու վրայ», - աւելացուցած է մէկ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեայ:

Ըստ անոնց՝ Միացեալ Նահանգները վերջին քանի մը օրերու ընթացքին «բոլոր մակարդակներով» ներգրաւուածութիւն ունեցած է այս հարցով: