Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի յիշատակութեան օրը: Այս մասին գրած է Qahana.am-ը։
Ս. Թադէոս առաքեալը եւ Ս. Սանդուխտ կոյսը Հայ Եկեղեցւոյ ամենանշանաւոր տօնելի սուրբերէն են, քանի որ անոնց անուան հետ կ՚առնչուի հայոց լուսաւորութեան պատմութիւնը:
Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, համաձայն Տիրոջ պատգամի՝ «Գացէ՜ք, ուրեմն աշակերտ դարձուցէք բոլոր ազգերը, անոնց մկրտեցէք Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգիի անունով» (Մատթ. 28:19), Թադէոս նախ կու գայ Եդեսիա, կ՚աւետարանէ կենաց խօսքը, ի թիւս բազում հրաշքներու կը բժշկէ նաեւ Աբգար թագաւորը, ապա՝ իրեն փոխարինող նշանակելով Եդեսիոյ մէջ, կ՚երթայ Հայոց Սանատրուկ արքայի տիրոյթները: Այստեղ զանազան վայրեր քարոզելէ ետք բազմաթիւ հեթանոսներ քրիստոնէական հաւատի կը բերէ եւ կը հիմնադրէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:
Գալով Արտազ գաւառ, առաքեալը կը մտնէ հայոց արքունիք եւ դարձի կը բերէ արքայադուստր Սանդուխտ կոյսը: Իրազեկ դառնալով այս ամէնուն, Սանատրուկ հայոց արքան սկիզբը կը յորդորէ դստերը ետ դառնալ նախկին հաւատին, սակայն՝ ապարդիւն: Զայրացած արքան թէ՜ Թադէոս առաքյալը, թէ՜ Սանդուխտ կոյսը կը նետէ բանտ եւ դաժան տանջանքներու կ՚ենթարկէ: Արքունի իշխանազուն կառավարչի միջոցով արքայադստեր տարհամոզելու վերջին փորձը եւս ապարդիւն կ՚անցնի: Քրիստոնեայ կը դառնայ նաեւ կառավարիչը: Ի վերջոյ, արքայի հրամանով Ս. Թադէոս առաքեալը եւ Ս. Սանդուխտ կոյսը կը նահատակուին արքայական ամառանոց Շաւարշաւան գիւղաքաղաքին մէջ:
Հայ Եկեղեցին Ս. Թադէոս առաքեալի յիշատակը տարուան մէջ կ՚ոգեկոչէ երկու անգամ, նախ՝ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալի, ապա` Ս. Սանդուխտ կոյսի հետ: