image

«Հայ» անունը պիտի աւելցուի մարդահամարի հարցարաններուն վրայ. Ամերիկացի ծերակուտականը կոչով հանդէս եկած է

«Հայ» անունը պիտի աւելցուի մարդահամարի հարցարաններուն վրայ. Ամերիկացի ծերակուտականը կոչով հանդէս եկած է

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի առաջնորդութեամբ, խումբ մը ծերակուտականներ նամակ յղած են Միացեալ նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն, որպէսզի մարդահամարի յաջորդ հարցարանին վրայ անպայման աւելցուի «Հայ» ինքնութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Լոս Անճըլըս հրապարակուող ՝ «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի առաջնորդութեամբ, խումբ մը ծերակուտականներ նամակ մը յղեցին Միացեալ նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն, որպէսի մարդահամարի յաջորդ հարցարանին վրայ անպայման աւելցուի «Հայ» ինքնութիւնը։

Յիշեցնենք, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին առաջնորդութեամբ ի մի բերուած Մարդահամարի Ամերիկահայ դաշնակցութիւնը խստօրէն դատապարտած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան Մարդահամարի գրասենեակի այն անարդար որոշումը, որ յաջորդ մարդահամարին հարցարաններուն վրայ աւելցուելիք՝ «Միջին Արեւելք եւ Հիւսիսային Ափրիկէ» (MENA) նոր դասակարգին մէջէն վերցուցած է «Հայ» ինքնութեան նշումը։

Փորթանթինօ եւ միւս ծերակուտականները եւս խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն Մարդահամարի գրասենեակին որոշումին նկատմամբ՝ շեշտելով, որ անոր պատճառով ամերիկահայութեան քաղաքացիական տարրական իրաւունքները պիտի անտեսուին։ Անոնք նաեւ կը պահանջեն այս անտեսումին սրբագրումը։

Նամակին տակ ստորագրած են նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի Քալիֆորնիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ առեւտուրի, արուեստի եւ մշակոյթի փոխանակման յանձնախումբի անդամներ Պապ Արչուլեթա, Մարիա Էլենա Տուրազօ, Սթաք Ուիլք, Հենրի Սթըրն եւ Քերոլայն Մանհիվար։

Յայտնենք, որ Փորթանթինօ նշեալ յանձնախումբին ատենապետն է։