image

Միացեալ Նահանգներու մէջ. Նախագահ Խաչատուրեան հանդիպեցաւ ՍԴՀԿ ներկայացուցիչներուն

Միացեալ Նահանգներու մէջ. Նախագահ Խաչատուրեան հանդիպեցաւ ՍԴՀԿ ներկայացուցիչներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Լոս Անճըլըսի իր կեցավայրին մէջ ընդունած է Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) կեդրոնական վարչութեան անդամները՝ ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին յայտնած են նախագահի աշխատակազմէն։

Ողջունելով հիւրերը՝ նախագահ Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնած է կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն համազգային նշանակութիւն ունեցող գործընթացներուն անոնց կատարած աշխատանքի եւ ներդրած ջանքերուն համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային ընդհանուր իրողութիւններուն եւ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեան ներքաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, պատասխանելով հանդիպման մասնակիցներու հարցերուն, մանրամասնութիւններ յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման գործընթացի վերաբերեալ, ընդգծելով, որ սահմանազատումը կ'իրականացուի երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան հասնելու, ինչպէս նաեւ տարածքային ամբողջականութեան անխաթարութեան սկզբունքներու ծիրէն ներս:

Նախագահ Խաչատուրեան ընդգծած է, որ հայաստանեան իշխանութիւնն անհրաժեշտ քաղաքական կամք ունի յստակօրէն շարժիլ հարեւաններու հետ բարի դրացիական եւ կարգաւորուած յարաբերութիւններ հաստատելու ուղիով:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ առկայ խնդիրներու չէզոքացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու խթանման կարեւորութեան:

Անմիջական մթնոլորտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան, ռազմարդիւնաբերութեան, երկրի պաշտպանական կարողութիւններու ընդլայնման, տնտեսութեան զանազանութեան եւ այլ ուղղութիւններով իրականացուող միջոցառումներու մասին:

Մտքեր փոխանակուած են ներհայաստանեան հասարակական-քաղաքական զարգացումներու պատճառի հետեւանքային կապերու, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու փոխազդեցութիւններու վերաբերեալ:

Հանդիպման աւարտին ՍԴՀԿ ներկայացուցիչները կրկին վստահեցուցած են, որ կուսակցութիւնն իր կարողութիւններով պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ու երկրի օրակարգային հարցերու սպասարկման: