image

«Քոյրս հայու Անահիտն էր». Մահացած է Տիար Զաւէն Խանճեանի քոյրը՝Անահիտ Խանճեան-Թէրճիմանեանը

«Քոյրս հայու Անահիտն էր». Մահացած է Տիար Զաւէն Խանճեանի քոյրը՝Անահիտ Խանճեան-Թէրճիմանեանը

 Օրերս իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ հայուհի Անահիտ Խանճեան-Թէրճիմանեանը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ համացանցէն։

 Նշենք, որ հայուհին եղած է կրթական մշակ եւ նուիրեալ ուսուցչուհի եւ երկար տարիներով զբաղուած է սերունդներու հայեցի դաստիարակման նուիրական գործով։

Հանգուցեալը քոյրն է «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան»՝ ԱՀԱԸ-ի (AMAA) Գործադիր Տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեանին։

Ստորեւ մեր ընթերցող հասարակութեան հետ կը կիսուինք այս տխուր առթիւ Տիար Զաւէն Խանճեանի կողմէ ստորագրուած սրտառուչ տողերը ու կը միանանք նաեւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւններով։

Աստուած հոգին լուսաւորէ։

 

 

 

 

 

Զաւէն Խանճեան կը գրէ ՝

Անահիտին՝

ՑԵՂԻ ԵՐԵՑՆԵՐԻՆ

Հովե՜ր անոյշ, յուշք են բերել քոյրիկ ջան

Հին, հին յուշեր, վառ օրերու ապրուած

Երբ երազ ու տենդ էր կեանքը քոյրիկ ջան

Հօրենական բերդում շէնշող մեր ցեղին

Տարիները տարտղնեցին մեզ բոլոր

Մինչ յուշ դարձան երեցները հարազատ

Քամին ուժեղ մեզ դարձրեց ոլոր մոլոր

Հաւաքելով մեզ կրկին այս ափերին

Հիմա մենք ենք երեցները մեր ցեղին

Նոր երազներ հիւսող քաջ կտրիճներին

Պահ մ'ալ վայելենք մենք բարիքները հողին

Ու յուշ դառնանք կեանք տուած յաջորդներին

Սակայն՝ մի պահ կանգ առնենք այս ընթացքին

Կանգնեցնենք արգելակները վազգին

Հարսով, փեսով, թոռով, ծոռով միասին

Խոնարհինք մենք մեր ցեղի երեցներին

Սեպտեմբեր 17, 1999

Քոյրս՝

Ո՞վ կը սահմանէ ազնուական տոհմի մը չափանիշները։

Քոյրս՝ թագուհին է իր աշխարհին։

Ինքնավստահ, ինքնակերտ։

Բարտիի իր հասակին, միայն ուրիշը բարձրացնելու տենչանքով տագնապող։

Քոյրս՝ կրթական գործիչ է։

Կրքոտ կրթական գործիչ։ Դաստիարակ։

Եւ երբ տակաւին հայու ճանաչման խաւարը կը տիրեր հանրային կրթութեան դաշտին մէջ, Քալիֆորնիոյ նահանգէն մինչեւ հայրենիք, ան լուսաւորեց հայռւ ինքնութիւնը, լսարաններու բեմերէն մինչեւ Հայաստան աշխարհ առաջնորդելով հանրային կրթութեան մէջ ծառայող ղեկավարութիւնը։

Քոյրս՝ գիտակցութեամբ համեստ չէ իր արժէքներուն նկատմամբ, բայց երբ եւ միշտ, իր վաստակած կամ բնածին փայլքը լուսաւորէ լայն շրջապատը՝ արժանապատուութիւնը զինք կը պահէ խոնարհութեան հարթակին։

Քոյրս հպարտ է իր մօտիկ կամ հեռու շրջապատին մէջ կերտուած նուաճումներով, յաջողութիւններով եւ յաղթանակներով եւ ան՝ իր առօրեայի բնական ընթացքին մէջ ոչ մէկուն զլացաւ իր հետ բարձրացնելը։

Քոյրս, շրջանակի պէտք չունի իր պատկերը պարզելու, ան իր պատկերի շուքով , ինքնաբաւ եւ յաղթահասակ ճանաչելի է եւ գնահատելի։

Քոյրս՝ Անահիտ է, հայու Անահիտը։