image

Հաւատարիմ իր առաքելութեան. Արեւմտեան Թեմը հայագիտական կարեւոր համաժողով մը պիտի կայացնէ՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկար)

Հաւատարիմ իր առաքելութեան. Արեւմտեան Թեմը  հայագիտական  կարեւոր  համաժողով մը պիտի կայացնէ՝ Երեւանի մէջ (Լուսանկար)

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը, Թեմակալ Առաջնորդի հովանաւորութեամբ, կազմակերպած է հայագիտական միջազգային գիտաժողով՝ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ» խորագիրով, որ տեղի պիտի ունենայ 6 Յուլիսին, Երեւան։ 

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ   Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  ԱՄՆ Արեւմտեան  Թեմի Մամլոյ դիւանէն, որուն խմբագրութեանս յղուած    հաղորդագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Գիտաժողովի կազմակերպական Յանձնաժողովի անդամ, բանասիրական գիտ. թեկնածու, դոցենտ Նորայր Պողօսեան որոշ մանրամասնութիւններ  ներկայացուցած է իրենց առջեւ դրուած նպատակներուն մասին:

Նախ, Արեւմտեան Թեմը բազմաթիւ գիտական եւ հրատարակչական ծրագիրներ կ'իրականացնէ, ինչպիսիք են՝ հոգեւոր ու հայագիտական դասընթացները, կը տպագրուին հոգեւոր եւ գիտական բնոյթի բազմաժանր գիրքեր։ Վերջիններէն պէտք է թուարկել օրինակ՝ «Կանոնագիրք Հայոց»-ի նոր հրատարակութիւնը, Տիրայր Վրդ. Տէրվիշեանի աշխարհաբար թարգմանութեամբ եւ խմբաւորումով, Յովնան Արք. Տէրտէրեանի «Աղօթագիրքը», Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի «Նարեկի» արեւմտահայերէն նոր փոխադրութիւնը եւ բազմաթիւ այլ գիրքեր: 

Հայաստանի եւ արտաշխարհի հայագէտներու նախաձեռնող խումբը դիմած է Առաջնորդին՝ հայ բանասիրութեան վերաբերեալ գիտաժողովի կազմակերպման աջակցելու խնդրանքով, եւ Յովնան Սրբազանի համաձայնութեամբ նախաձեռնուած է «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ» միջազգային գիտաժողովը: Խորագիրը արդէն կը յուշէ անոր ուղղուածութիւնն ու բովանդակութիւնը: 

Նորայր Պօղոսեան նշած է, որ դեռ տարիներ առաջ արդէն պարզ էր, որ հայագիտութեան առջեւ նոր օրակարգեր դնելու, առաջ երթալու համար ուղիները եւ հեռանկարները յստակացնելու կարիք ունինք: Այդ կը վերաբերի նաեւ հայ բանասիրութեան, այսինքն՝ լեզուի, գրականութեան, բանահիւսութեան եւ յարակից այլ գիտակարգերուն:  

Գիտաժողովի ծանուցման մէջ նշուած է, որ զեկուցումները պէտք է ուղղուած ըլլան զարգացման տանող ուղիներ մատնանշելու տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնագէտ-գիտնականներուն առաջադրուած է իրենց տեսակէտները ներկայացնել, թէ հայ բանասիրութիւնը յետագայ միջին ժամկէտով ինչ խնդիրներ ունի իր առաջ դրուած՝ հաշուի առնելով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ յատկապէս տարածաշրջանի մէջ եւ հարեւաններու հետ կապուած արմատական փոփոխութիւնները վերջին տարիներուն, քանզի պարզ է, որ նախկին ընթացքով առաջ երթալ այլեւս արդիւնաւէտ չէ: Առաջնահերթ խնդիրներէն բանախօսը նշած է, օրինակ՝ մեր արեւելեան հարեւան պետութեան գիտական կեղծարարութեան դէմ յստակ քայլեր ընելը, մեր լեզուի երկու ճիւղերը արդի աշխարհին մէջ համարժէք զարգացման բերելը, թուային աշխարհի մէջ այս գիտակարգը ներգրաւելը, գրականագիտական, բանահիւսական ոլորտներուն մէջ նոր մեթոտներու, նոր ընելիքներու ներդրումը, ընդհանուր տեսական լեզուաբանութեան մէջ համաշխարհային նոր փորձի իւրացումը եւ այլն, որոնք իսկապէս կարիք ունին թարմ քայլերու։ 

Նորայր Պօղոսեան յայտնած է, որ ցայսօր ստացուած են տասնեակ յայտեր, որոնցմէ շատերը իսկապէս ծրագրային են այս ոլորտի համար առաջարկներ ներկայացնելու առումով: Նպատակներէն է նաեւ՝ գիտաժողովի աւարտէն յետոյ կազմել առաջարկներն ամփոփող տեղեկագիր եւ ներկայացնել պատկան մարմիններուն եւ բուհերուն (բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն), ինչո՞ւ ոչ՝ գիտաժողովի բերած նպաստը, նորոյթը, օգտակարութիւնը հաշուի առնելու եւ օրակարգի նիւթ դարձնելու համար: 

Մասնակիցներուն մէջ անուանի եւ փորձառու մասնագէտներուն հետ մէկտեղ շատ են նաեւ երիտասարդ ուսումնասիրողները, որոնց խօսքը առաւել կարեւոր է, քանզի իրենք պիտի ըլլան նոր խնդիրները իրագործողները։ 

Ձեռնարկուած քայլերը հիմք կու տան ըսելու, որ նախաձեռնող խումբի, Արեւմտեան Թեմի եւ Յովնան Արքեպիսկոպոսի ջանքերը յաջողութեամբ պիտի պսակուին, պիտի ըլլան կարեւոր հարցադրումներ ու առաջարկներ, հրապարակուի ժողովածոյ, որ որոշակիօրէն նպաստաւոր կրնայ ըլլալ գիտակարգին համար: