Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, օրերս, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղած ժողովուրդին։
«Արեւելք» եղելութեան մասին իմացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը`
Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2025-ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Յընթացս Սուրբ Պատարագին, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք՝ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակին նուիրուած։
Հայրապետական պատգամէն առաջ սիրտի խօսք առաւ առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ան մեծ ուրախութեամբ ու սիրտի անհուն գոհունակութեամբ ողջունեց Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը Արեւմտեան Հայոց Թեմէն ներս՝ վստահեցնելով, թէ Հայրապետին ներկայութիւնը խանդավառութիւն ու ներշնչանք կը բերէ մեր թեմական կեանքին։ Ահաւասիկ, քիչ առաջ կատարեցին Հայրապետական Մաղթանք՝ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակին նուիրուած, որուն ընթացքին մեր բարի մաղթանքները աղօթքի ճամբով բարձրացուցինք առ Աստուած, որպէսզի անոր օգնական ըլլայ եւ ոյժ ու կորով շնորհէ՝ շարունակելու համար իր ուսերուն վրայ դրուած մեր ազգին ծանր լուծը։ Արդար է ըսել, որ Նորին Սրբութեան վաստակը շատ ընդարձակ ու տարածուն է։ Ան տիւ ու գիշեր, իր ստանձնած առաքելութեան ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, կը շարունակէ ծառայել Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին, մեր Հայրենիքին։
Ապա, իր հայրապետական պատգամը յղեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ «Մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ամէնէն խորհրդաւոր ու իմաստալից խորհուրդներէն մէկը երախային մկրտութիւնն է։ Մկրտութեան ամէնէն կարեւոր պահը մանուկը աւազան իջեցնելէ առաջ հոգեւորականին կողմէ կնքահօր ուղղուած հարցումն է՝ «երեխան ի՞նչ կը խնդրէ»։ Կարեւոր է մանաւանդ այդ հարցումին պատասխանը՝ հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն։ Բոլորս ալ ապրած ենք այդ պահը, սակայն, բնականաբար, չենք յիշեր։
«Իր արտաքին ձեւէն անդին, մկրտութիւնը խորունկ իմաստ ունի քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Մկրտութեամբ երեխան կը վերածնի՝ անդամ դառնալով Քրիստոսի խորհրդական մարմինին։ Մկրտութեամբ երեխան մաս կը կազմէ մեր ազգին եւ ընտանիքին։ Սակայն հոս հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ եկեղեցին երեխան կը մկրտէ՝ անոր փոխանցելով հաւատալու, յուսալու ու սիրելու պատգամը։ Ինչո՞ւ այս հրամայականով ու սպասումով եկեղեցին մկրտութեամբ կ՚ողջունէ մկրտուողին անդամակցութիւնը քրիստոնէական համայնքին»։ Իր կատարած հարցադրումներէն ետք, Նորին Սրբութիւնը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ յիշեալ երեք բառերու իմաստին ու կարեւորութեան՝ մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ.-
«ա) Հաւատքը քրիստոնէական կեանքին հիմքը կը կազմէ։ Քրիստոնէութիւնը ո՛չ միայն կը հաւատայ Աստուծոյ գոյութեան, այլ Անոր յաւիտենական ու կենսաւորիչ ներկայութեան ու ներգործութեան մարդկային կեանքին ու ընդհանրապէս տիեզերքին մէջ։ Աստուած ստեղծիչն է մարդուն ու տիեզերքին. Ան մարդու կեանքին իմաստ ու նպատակ տուող ներկայութիւն է։ Աստուած շօշափելի ներկայութիւն դարձաւ մարդու կեանքին մէջ՝ իր Միածին Որդւոյն մարդեղացումով։ Քրիստոս ըսաւ՝ ան որ զիս տեսաւ իմ Հայրս տեսած եղաւ։ Ահա քրիստոնէական հաւատքին հիմքը։ Այս հաւատքը կ՚ուղղէ ու կ՚իմաստաւորէ քրիստոնեայ մարդուն կեանքն ու գործը։
բ) Յոյսը մարդու կեանքին մէջ ներքին մղում մըն է, որ մարդը իր անձին ու կեանքին նեղ շրջագիծէն դուրս կը մղէ՝ դէպի Աստուած, երկնային արժէքներ ու ճշմարտութիւններ։ Քրիստոնէութիւնը կը հաւատայ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին, որովհետեւ Քրիստոս ի՛նք ըսաւ, թէ դարձեալ պիտի գայ։ Հետեւաբար, Քրիստոսի երկրորդ գալստեան յոյսը առանցքը կը կազմէ քրիստոնեայ մարդու կեանքին։
գ) Կարելի չէ հասկնալ քրիստոնէութիւնը առանց սիրոյ, որ ո՛չ միայն քրիստոնէական բարոյագիտութեան էական առաքինութիւններէն մէկը կը կազմէ, այլ՝ առանցքը քրիստոնէական գոյութեան ու մարդու ինքնահասկացողութեան։ Քրիստոնէութիւնը կը հաւատայ, թէ Աստուած իր էութեամբ սէր է եւ մեղաւոր մարդուն նկատմամբ ունեցած Իր սէրէն մղուած՝ Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ»։
Վեհափառ Հայրապետը այս բացատրութեամբ իր պատգամի կեդրոնական բաժնին մէջ նշեց քրիստոնէական կեանքին երեք հիմքերը՝ հաւատք, յոյս եւ սէր։ «Կարելի չէ երեւակայել քրիստոնէական կեանք, մտածողութիւն կամ գործունէութիւն, ուր բացակայ են այս երեք արժէքները։ Հետեւաբար, սովորական երեւոյթ մը չէ, երբ մկրտութեամբ երեխան կ՚ընդունի զանոնք՝ որպէս իր կեանքին հիմքը, ճանապարհը ու նպատակը։ Մանուկ տարիքին բնականաբար երեխան պիտի չհասկնայ կեանքի այս երեք արժէքներուն իմաստը, սակայն որքան աճի ֆիզիքապէս ու մտապէս անոր կեանքին մէջ պէտք է նաեւ աճին այս երեք բառերէն եկող կեանքի վիճակները», ընդգծեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը։
Հայրապետը իր հոգեշունչ պատգամին մէջ լայն տեղ տուաւ նաեւ քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան. «կեանքի պայմաններուն հետեւանքով փաստօրէն նուազած է կնքահօր դաստիարակիչ դերը երեխային նկատմամբ։ Սակայն, կենսական է դերը հայ ընտանիքին, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին։ Քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը նշանակէ մանուկին, ապա պատանիին բացատրել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ. ի՛նչ կը նշանակէ մկրտութեամբ մաս կազմել եկեղեցւոյ, Քրիստոսի խորհրդական մարմինին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ հարկ է մօտենալ մեր երեխաներու հոգեմտաւոր կազմաւորման ու դաստիարակութեան։ Ներկայ աշխարհը լեցուն է այնպիսի բարքերով, կենցաղակերպերով ու մտածելակերպերով, որոնք կրնան հեռու պահել մեր զաւակները քրիստոնէական արժէքներէն եւ ընդհանրապէս Քրիստոսակեդրոն կեանքէն։ Հետեւաբար, որքա՜ն կենսական է դաստիարակութիւնը մեր երեխաներուն։
«Չմոռնանք երբեք, որ մեզի համար քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւնը տարբեր բաներ չեն, այլ մէ՛կ ու անբաժանելի ամբողջութիւն է։ Այլ խօսքով, կրօնական դաստիարակութեան մէջ ազգային արժէքները ու աւանդութիւնները ներկայ պէտք է ըլլան, եւ՝ փոխադարձաբար։ Համապարփակ այս մօտեցումը մղիչ ոյժը պէտք է հանդիսանայ մեր ընտանիքին, եկեղեցւոյ ու դպրոցին կողմէ ջամբուող դաստիարակութեան», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին ամփոփումը անգլերէն լեզուով եւս պարզեց ժողովուրդին:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ էին Արեւմտեան ու Գանատայի հայոց թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերը, միաբան ու քահանայ հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ ազգային իշխանութեան անդամներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն:



