image

Հայաստանը ինք պէտք է ընտրէ ԵՄ, թէ ԵԱՏՄ. Լուկաշենքոյէն սլաք

Հայաստանը ինք պէտք է ընտրէ  ԵՄ, թէ ԵԱՏՄ. Լուկաշենքոյէն սլաք

 

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրները չեն փափաքիր, որ Հայաստանը դուրս գայ միութենէն։ Այս մասին յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն՝ նշելով, որ այդ մասին կը վկայէ Աստանայի գագաթնաժողովէն ետք չորս ղեկավարներու հրապարակած միացեալ յայտարարութիւնը։

 

«Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է հասկնայ, թէ ինչ կը շահի եւ ինչ կը կորսնցնէ՝ ընտրութիւն կատարելով Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միջեւ»,– ըսած է ան։