Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպած է տեղի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին Հանրապետութեան նախագահը մանրամասներ ներկայացուցած է տարածաշրջանային իրողութիւններու եւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի ներկայիս ընդհանուր իրավիճակի վերաբերեալ:
Նախագահն իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ Հայաստանը որդեգրած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ հարեւաններու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու քաղաքական գիծ:
Վահագն Խաչատուրեան անդրադարձած է ներհայաստանեան հասարակական քաղաքական զարգացումներուն, Հայաստանի տնտեսական կեանքին մէջ նկատելի աշխուժութեանն ու այս ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն:
Հանդիպման նախագահն անմիջական մթնոլորտի մէջ զրուցած է ներկաներու հետ, պատասխանած անոնց յուզող հարցերուն: