Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եիի հրաւէրով 3-5 յունիսին պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Չինաստան։
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն յայտնած են, որ հանդիպումներու ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային ու միջազգային հարցեր:
Լրատուամիջոցներու տուեալով՝ Ֆիտան մտադիր է Չինաստանի ղեկավարութեան հետ քննարկելու Ուքրանիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Կարմիր ծովու փոխադրումներու անվտանգութիւնը: Նշուած է, որ անդրադարձ պիտի կատարուի միջազգային լոկիսթիկի անվտանգութեան ապահովման, փոխադրային նոր երթուղիներու ստեղծման գործով համագործակցութեան, երկկողմ առեւտուրի եւ բարձր ճարտարագիտական ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան թեմաներուն: