image

Հանրային եւ վաճառքի վայրերու մէջ ծխախոտի հրապարակային ցուցադրութիւնը պիտի տուգանուի

Հանրային եւ վաճառքի վայրերու մէջ ծխախոտի հրապարակային ցուցադրութիւնը պիտի տուգանուի

Շուկայի վերահսկողութեան տեսչական մարմինը յայտարարութիւն տարածած է՝ յայտնելով, որ 2022 թուականի Յունուար 1-էն ուժի մէջ մտած է «Ծխախոտային արտադրատեսակներու եւ անոնց փոխարինիչներու օգտագործման հետեւանքով առողջութեան հասցվող վնասի նուազեցման եւ կանխարգիլման մասին» օրէնքը:

Օրէնքին համաձայն՝ կ'արգիլուի ծխախոտային արտադրատեսակներու կամ անոնց պատկանելիքներու կամ ծխախոտային արտադրատեսակներու փոխարինիչներու ցուցադրումը վաճառասրահներու եւ հանրային սնունդի կէտերուն մէջ:

Օրէնքի պահանջները չկատարելը  կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ 200 - 250 հազար դրամի չափով:

Նոյն խախտումը կրկին կատարելը վարչական տուժի միջոցներ կիրառելէ յետոյ՝ վեց ամսուայ ընթացքին, կը յառաջացնէ տուգանքի նշանակում՝ կիրառուած վարչական տուժի կրկնապատիկի չափով: