ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի արհեստակցական միութիւններու յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեանի, հանդիպումներ ունեցած է դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլումի եւ ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ Ֆատի Հաննայի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին շեշտը դրուած է սենտիքայական աշխատանքի կարեւորութեան եւ Լիբանանի ընկերատնտեսական ներկայ դժուար պայմաններուն սենտիքաներու ունեցած հիմնական դերին վրայ: Քննարկուած են նաեւ ապագայ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Լուրը՝ «Ազդակ»էն