Ուրբաթ, Մարտ 13-ին, Երեւանի «Էփիկրաֆ» գրախանութներու նորաբաց մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցած է գրող, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Ուղենշաններ» («Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026) գիրքին շնորհահանդէսը։
Ձեռնարկը, զոր կը վարէր բանասէր Սիրանոյշ Դվոյեանը, ներկայ էին հայրենի եւ սփիւռքահայ մտաւորականներ եւ այլ գրքասէրներ: Շնորհանդէսը ընթացաւ նոր հրատարակուած գիրքին մասին Դվոյեանի եւ Պըլտեանի զրոյցով:
Դվոյեան նախ ծանօթացուց գիրքը, ընթերցեց հատուած մը, ապա հարցումներ ուղղեց հեղինակին: Հարցումներով անդրադարձ կատարուեցաւ գիրքին խորագրին մասին, որուն ի պատասխան Պըլտեան ըսաւ. «Բառը կը նշանակէ ճամբու ընթացքին դրուած նշանները: Փոխաբերական ալ կրնայ ընկալուիլ, քանի որ մեր կեանքն ալ երթեւեկ մըն է: Իւրաքանչիւր գրութիւն տեսակ մը կայան կրնաք նկատել, որ տեղ մը կը տանի, իսկ վերջաւորութեան անդրադարձ կ’ըլլայ ամբողջ ընթացքին, որ գիրքն է: Այս տեսակի փորձ մըն էր»: Իսկ «Ստեղծել վայրը ուր ըլլալ» խորագրին մասին հարցումին ի պատասխան հեղինակը յայտնեց. «Ամէն գրող կ’ուզէ իր վայրը ստեղծել, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ այդ հարցը այդ ձեւով, սուր կերպով չի դրուիր, քանի որ կրնաս այդ վայրին պատրանքը ունենալ, որ հո՛ս է: Մինչդեռ Սփիւռքի մէջ այդ վայրը բացայայտ կերպով չկայ եւ ուրեմն կը գտնուիս աքսորականի, աքսորեալի, քու տեղէդ դուրս ըլլալու վիճակին մէջ: Վայրը Սփիւռքի մէջ ապրող աքսորականին լեզո՞ւն է: Արդեօք բանաստեղծութիւնը ինքը վա՞յրն է, որ գրող մը կ’ուզէ ստեղծել ինքնիրեն համար: Ես միշտ այս «վայր»-ի խնդիրը կը մտածեմ աւելի հարցումի գետնի վրայ, քան՝ պատասխանի»: Նոյնպէս «Շեղուածք» խորագիրը կրող գրութեան մասին ըսաւ. «Այն շեղանցքը, որ Փարիզի տունէս ոչ շատ հեռու կը գտնուի եւ կը տանի դէպի թագաւորական պարտէզները, հոնկէ ճշգրտօրէն կու գայ խորագիրը: Էական բան մըն է, երբեք չեմ ուզեր մեկնիլ վերացական գաղափարէ մը եւ յետոյ փորձել ատիկա իմաստաւորել: Այլապէս շեղանցքին նկարագրութիւնը լուսանկարը կ’ընէ, ի՞նչ պէտք կայ: Կամաց-կամաց շեղանցքը կը դառնայ ոչ միայն տեղ, այլ մտածելու ձեւի մը անունը»:
Հարցումներուն ընդմէջէն անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքահայ կեանքին, արեւմտահայերէն լեզուին եւ գրականութեան: Աւարտին ներկաները շահեկան հարցադրումներ կատարեցին եւ երեկոյթը աւարտեցաւ գիրքի մակագրութեամբ եւ հեղինակին հետ զրոյցներով:
Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն