image

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական 4-րդ հաւաքը Վենետիկի մէջ (Լուսանկարներ)

Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական 4-րդ հաւաքը Վենետիկի մէջ (Լուսանկարներ)

Վենետիկի մէջ կայացած է Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական եռօրեայ 4-րդ հաւաքը, որուն մասնակցած են 28 երիտասարդներ՝ Վիեննայէն, Սպանիայէն, Չեխիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Պոլիսէն։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժանմունքէն, որ այս մասին  գրած է՝

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը («Իւթլինքս Եուրոփ») սկսաւ Ուրբաթ, 3 Մայիսին, Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնին մէջ: Հաւաքին  մասնակցեցան` Վիեննայէն, Սպանիայէն, Չեխիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն եւ Պոլիսէն 28 երիտասարդներ: Հաւաքին ներկայ եղաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Եւրոպայի եւ Եութլինքսի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան:

Բացումը կատարուեցաւ «Իւթլինքս»-ի պատասխանատու Արա Բարսեղեանի բարի գալուստի խօսքով: Ապա Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան ներկայացուց Համազգայինի կրթական եւ մշակութային զանազան ծրագիրները` կեդրոնանալով յատկապէս Համազգայինի կրթաթոշակներու, երիտասարդական հաւաքներու, ծրագիրներու եւ մանկապատանեկան դաստիարակչական ծրագիրներու վրայ:

Ապա Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնի տնօրէն Մինաս Լուռեան ներկայացուց իտալահայ գաղութին պատմութիւնը, Վենետիկի մէջ հայկական կոթողներու, մշակութային արժէքներու եւ հարստութեան, ինչպէս նաեւ իր ղեկավարած կեդրոնի գործունէութեան մասին ներկայացում մը տուաւ երիտասարդներուն:

Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ հայկական պարի աշխատանոցը, որուն դասախօսն էր Լոնտոնէն հրաւիրուած պարուսոյց եւ հայկական պարերու մասնագէտ Շաքէ Մէյճըր-Չիլինկիրեանը, որ հայկական պարարուեստի մասին տեղեկութիւններ տալէ ետք, ազգագրական զանազան շուրջպարեր սորվեցուց: Պարի աշխատանոցէն ետք հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Վենետիկի  «Ռիալթօ» կամուրջ:

Երեկոյեան «Իւթլինքս»-ի երիտասարդները մասնակցեցան «Կոմիտաս Քառեակ»-ի ելոյթին, որ նուիրուած էր աբբահայր Մխիթար Սեբաստացիի վախճանման 275-ամեակին:

Երեկոյեան ընթրիքէն ետք ընկերային ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ:

Երկրորդ օրը խումբը ուղղուեցաւ Սուրբ Մարկոս  հրապարակ, որմէ ետք` Սուրբ Ղազար կղզի, ուր ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ հայր Համազասպ Քէշիշեանին կողմէ, որ ճաշէն ետք մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ կղզիին մասին, ինչպէս նաեւ` թանգարանի զանազան բաժանմունքներուն մասին:

Ապա պարտէզի Լորտ Պայրընի անուան անկիւնը ընտրուեցաւ իբրեւ թատրոնի եւ ժապաւէնի աշխատանոցի վայր: Հայրենի հանրայայտ դերասան, բեմադրիչ եւ Համազգային Սօս Սարգսեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան իր մասնագիտական բացատրութիւններով հմայեց երիտասարդները:

Երեկոյեան ժամերգութեան ներկայ գտնուելէ եւ խոկումի պահեր վայելելէ ու սեղանատան մէջ ընթրելէն ետք խումբը հրաժեշտ տուաւ այս եզակի վանքին եւ վանականներուն, շնորհակալական ջերմ խօսքերով` ջերմ ընդունելութեան համար: Ընկերային մտերմիկ պահերով վերջ գտաւ հաւաքի երկրորդ օրը:

Երրորդ օրը Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնին մէջ խումբը ծանօթացաւ հայկական երաժշտութեան ստեղծման, անոր հոլովոյթին եւ զարգացման: Դասախօսն էր Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտ եւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի դասախօս Ծովինար Արծրունին:

Ճաշելու ընթացքին խումբին համար գեղեցիկ անակնկալ մըն էր երիտասարդ երաժիշտ Տիգրան Համասեանի հետ հանդիպումը:

Վերջապէս, մասնակիցները առիթ ունեցան Վենետիկի մէջ ազատ շրջագայութեան եւ գնումներ կատարելու:

Երեկոյեան տխուր էր բաժանումը, սակայն բոլորին աչքերը կը փայլէին յոյսի նշոյլով, դարձեալ իրարու հանդիպելու համոզումով:

Այսպիսով իր աւարտին հասաւ Համազգայինի 2024-ի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը: