image

Հալէպի թատերական կեանքի նուիրեալ անդամներէն՝ Ներսէս Պոյաճեանի մահը

 Հալէպի   թատերական կեանքի նուիրեալ     անդամներէն՝  Ներսէս Պոյաճեանի մահը

Օրերս  Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է  բնիկ հալէպահայ ՝ Ներսէս Պոյաճեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ   հանգուցեալի հարազատներէն։

Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը   մահացած է սրտի ծանր կաթուածի հետեւանքով։ Ըստ մեր տուեալներուն ան  կաթուածը ստացած է դէպի  տուն մեկնելու պահուն եւ մահացած  ՝իսկոյն   կաթուածին ծանրութեան  հետեւանքով։   

 Ներսէս Պոյաճեան հայրենասէր անձնաւորութիւնը եղած է ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի թատերական միաւորի  ժրաջան անդամներէն  եւ առ ի յարգանք իր յիշատակին կը ներկայացնենք իր մտերիմներէն  «Արեւելք»ին տրամադրուած կենսագրական հակիրճ գիծերը։

 Հալէպ ծնած մեր հայրենակիցը զաւակն է Մարաշէն եկած կաթողիկէ համայնքի զաւակներ Գրիգոր եւ Մելինէ Պոյաճեաններուն: Ծնած է 12 Մայիս, 1958-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եւ Բէթել վարժարաններուն մէջ, ապա աւարտած Aleppo college-ի միջնակարգ բաժինը:

Ան ունի երկու եղբայրներ՝ Թորոս (1956), Վարդան (1963) եւ քոյր մը՝ Ռոժիքա (1974):

Ներսէս շատ կանուխէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ ձեռք բերած զանազան արհեստներ եւ հմտացած բոլորին մէջ, սակայն վերջին քսան տարիներու ընթացքին իր կեդրոնացումը եղած է ոսկերչութեան վրայ:

Անոնք եղբայրներով ձեռք ձեռքի տալով հիմնած են իրենց ոսկերչատունը, դառնալով մէկական վարպետ ոսկերիչներ: 

Ներսէս վեթերան անդամ էր Հ.Բ.Ը.Մ-ին, վարած էր վարչական աշխատանք միութեան շարքերու Տեղական յանձնաժողովէն ներս:

Նաեւ անդամ էր Հ.Ե.Ը.-ին եւ ընկերակցութեան հովանիին տակ գործող «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին:

1984-ին, առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանար թատերախումբին հետ «Օշին Պայլը» ներկայացումով, որմէ ետք սիրահարը կը դառնար բեմին ու թատրոնին:

Ան շատ բծախնդիր դերասան էր, սկզբունքային ու խստապահանջ, բայց միեւնոյն ատեն անմիջական ու բարեացակամ: Ունէր բեմական յստակ խօսելաոճ, ճկուն էր ու լաւ խաղընկեր, բեմին վրայ օգնող ու լրացնող: 

Աւելի քան քսանհինգ տարիներ ստեղծագործական հարուստ ու հետաքրքիր ճանապարհ անցուցած էր ան, դերասան ըլլալու կողքին եղած էր պարտաճանաչ վարչական անդամ, ինչպէս նաեւ իր բաժինը բերած էր ներկայացումներու թեքնիք կազմերուն մէջ:

2008-ին, Արա Երնջակեանի բեմադրութեամբ՝ «Էդիւտ Կանանց Մասին» ներկայացման աւարտին Ներսէս պարգեւատրուած էր «Ադամեան» թատերախումբի արծաթեայ մետալով առ ի գնահատանք իր քսանհինգ տարուայ թատերական գործունէութեան:

 Մաս կազմած է հետեւեալ  բեմադրութիւններուն .-

- «Առաքելոց Վանքը» (1989)

- «Բանտարկեալը» (1991)

- «Եւ Երկինքէն Երեք Աթոռ Ինկաւ» (1997)

- «Խելագար Օր» (1999)

- «Ժառանգութեան Իրաւունք» (2005)

2012-ին Հալէպի պատերազմի ծանր պայմաններու պատճառաւ, եղբայրներուն հետ միասին տեղափոխուած էր Պէյրութ: 2018-ին վերադարձած էր ծննադավայր՝ Հալէպ, ուրկէ 2019-ի Օգոստոսին մեկնած Երեւան, ուր 24 Հոկտեմբեր, 2021-ին սրտի կաթուածի պատճառով կը փակէ իր աչքերը առյաւէտ հեռանալով այս աշխարհէն: