Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բնիկ հալէպահայ ՝ Ներսէս Պոյաճեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը մահացած է սրտի ծանր կաթուածի հետեւանքով։ Ըստ մեր տուեալներուն ան կաթուածը ստացած է դէպի տուն մեկնելու պահուն եւ մահացած ՝իսկոյն կաթուածին ծանրութեան հետեւանքով։
Ներսէս Պոյաճեան հայրենասէր անձնաւորութիւնը եղած է ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի թատերական միաւորի ժրաջան անդամներէն եւ առ ի յարգանք իր յիշատակին կը ներկայացնենք իր մտերիմներէն «Արեւելք»ին տրամադրուած կենսագրական հակիրճ գիծերը։
Հալէպ ծնած մեր հայրենակիցը զաւակն է Մարաշէն եկած կաթողիկէ համայնքի զաւակներ Գրիգոր եւ Մելինէ Պոյաճեաններուն: Ծնած է 12 Մայիս, 1958-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եւ Բէթել վարժարաններուն մէջ, ապա աւարտած Aleppo college-ի միջնակարգ բաժինը:
Ան ունի երկու եղբայրներ՝ Թորոս (1956), Վարդան (1963) եւ քոյր մը՝ Ռոժիքա (1974):
Ներսէս շատ կանուխէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ ձեռք բերած զանազան արհեստներ եւ հմտացած բոլորին մէջ, սակայն վերջին քսան տարիներու ընթացքին իր կեդրոնացումը եղած է ոսկերչութեան վրայ:
Անոնք եղբայրներով ձեռք ձեռքի տալով հիմնած են իրենց ոսկերչատունը, դառնալով մէկական վարպետ ոսկերիչներ:
Ներսէս վեթերան անդամ էր Հ.Բ.Ը.Մ-ին, վարած էր վարչական աշխատանք միութեան շարքերու Տեղական յանձնաժողովէն ներս:
Նաեւ անդամ էր Հ.Ե.Ը.-ին եւ ընկերակցութեան հովանիին տակ գործող «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին:
1984-ին, առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանար թատերախումբին հետ «Օշին Պայլը» ներկայացումով, որմէ ետք սիրահարը կը դառնար բեմին ու թատրոնին:
Ան շատ բծախնդիր դերասան էր, սկզբունքային ու խստապահանջ, բայց միեւնոյն ատեն անմիջական ու բարեացակամ: Ունէր բեմական յստակ խօսելաոճ, ճկուն էր ու լաւ խաղընկեր, բեմին վրայ օգնող ու լրացնող:
Աւելի քան քսանհինգ տարիներ ստեղծագործական հարուստ ու հետաքրքիր ճանապարհ անցուցած էր ան, դերասան ըլլալու կողքին եղած էր պարտաճանաչ վարչական անդամ, ինչպէս նաեւ իր բաժինը բերած էր ներկայացումներու թեքնիք կազմերուն մէջ:
2008-ին, Արա Երնջակեանի բեմադրութեամբ՝ «Էդիւտ Կանանց Մասին» ներկայացման աւարտին Ներսէս պարգեւատրուած էր «Ադամեան» թատերախումբի արծաթեայ մետալով առ ի գնահատանք իր քսանհինգ տարուայ թատերական գործունէութեան:
Մաս կազմած է հետեւեալ բեմադրութիւններուն .-
- «Առաքելոց Վանքը» (1989)
- «Բանտարկեալը» (1991)
- «Եւ Երկինքէն Երեք Աթոռ Ինկաւ» (1997)
- «Խելագար Օր» (1999)
- «Ժառանգութեան Իրաւունք» (2005)
2012-ին Հալէպի պատերազմի ծանր պայմաններու պատճառաւ, եղբայրներուն հետ միասին տեղափոխուած էր Պէյրութ: 2018-ին վերադարձած էր ծննադավայր՝ Հալէպ, ուրկէ 2019-ի Օգոստոսին մեկնած Երեւան, ուր 24 Հոկտեմբեր, 2021-ին սրտի կաթուածի պատճառով կը փակէ իր աչքերը առյաւէտ հեռանալով այս աշխարհէն: