image

Հալէպի «Պարոն» հիւրանոցը. Պատմութիւն եւ ոչ միայն

Հալէպի «Պարոն» հիւրանոցը. Պատմութիւն եւ ոչ միայն

Դարէ մը աւելի պատմութիւն ունեցող Հալէպի ամենայայտնի «Պարոն» պանդոկը միշտ սրտբաց ընդունած էր իր հիւրերը, ըլլային անոնք նախագահներ, թագաւորներ, իշխաններ, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, դերասաններ: Անկարելի էր այցելել Հալէպ ու չայցելել այդ պանդոկը: 

Հետաքրքրական պատմութիւն մըն ալ կայ կապուած «Պարոն» պանդոկին ու անոր հանրայայտ եւ պատմական դեր ունեցած հիւրերէն՝ Lawrence of Arabia-ին: Ըստ պատմութեան՝ ան մոռցած է վճառելու հաշիւ մը, որ 110 տարեկան եղած է այս տարի: 

1914 թուականին, օր մը բրիտանացի սպայ Թոմաս Էտուարտ Լոուրընս, որ յայտնի եղած է, որպէս «Արաբներուն Լոուրընս»ը, մտած է Հալէպի կեդրոնը գտնուող պանդոկ «Պարոն»ի խմիչքներու սրահը (պար), պատուիրած է խմիչք մը, կերած է նախուտեստներ, ապա դուրս եկած է առանց փակելու իր հաշիւը: 

Այդ հաշւոյն ստացագրին, որ այսօր 110 տարեկան է, եւ որուն բնօրինակը կը գտնուի Բրիտանիոյ թանգարանը, մեծցուած տարբերակը շրջանակուած ապակիով երկար ժամանակէ ի վեր ցուցադրուած է «Պարոն»ի ընդունելութեան սրահը: Պանդոկը կը գտնուի իր համանուն «Պարոն» փողոցին վրայ, 4 աստղանի է, թէեւ արժանի է ըլլալու՝ 10 աստղանի, քանի որ այն պատմական է եւ հռչակաւոր: Այն հիմնուած է 1909-ին Արմէն Մազլումեանի կողմէ եւ ղեկավարուած անոր թոռան՝ Արմէն Մազլումեանի կողմէ մինչեւ 2016, երբ մահացած է վերջինս: 

Պանդոկի շինարարութիւնը աւարտած է 1911 թուականին: Լոուրընս այդ շրջանին ճանապարհորդութիւն կը կատարէր Սուրիոյ հիւսիսը՝ որպէս մասունքներ պեղող առաքելութեան անդամ, ան դեռ 23 տարեկան էր եւ 3 տարի մնալով այնտեղ սորված արաբերէն, 1914 թուականին մեկնելէն առաջ սուրիական վերջին քաղաքէն քանի մը օրով իջեւանած է տարածաշրջանի ամէնէն յայտնի պանդոկ «Պարոն»ը: 

Լոուրընս իր սենեակի կեցութեան հաշիւը վճառելէ ետք մոռցած է վճառելու խմիչքի հաշիւը, որ այն ատեն կը կազմէր 76,70 օսմանեան ղրուշ, բայց ան այլեւս չվերադառնալով պանդոկ հաշիւը մնացած է առկախ: 1914 թուականին  Լոուրընս մեկնած էր Յորդանան: 

«Պարոն» աշխարհի ամէնէն յայտնի պանդոկներէն մէկն է, ուր իջեւանած են տասնեակ յայտնիներ ինչպէս՝ արձակագիր Ակաթա Քրիսթին, որ 1943 թուականին մնացած է թիւ 203 սենեակը իր ամուսնույն՝ հնագէտ Մաքս Մելոնի հետ, եւ ուր գրած է իր նշանաւոր վէպը՝ Murder on the orient express (Ոճրագործութիւն արեւելեան շոգեկառքին վրայ), որ վերածուած է նաեւ շարժապատկերի:

1918 թուականին Ֆէյսալ թագաւորը իջեւանած է թիւ 215 սենեակը եւ պանդոկի պատշգամէն իր ճառը արտասանած, ուր յայտարարած Սուրիոյ անկախութիւնը օսմանցիներու լուծէն։

Այնտեղ եղած է նաեւ Շուէտի թագաւոր Կիւսթաւ Ատոլֆ իր կնոջ՝ Լուիզայի հետ, ինչպէս նաեւ ամերիկացի միլիառատէր Տէյվիտ Ռոքֆելլըր, իշխանուհի Ալիս, Դանիոյ թագուհի Ինկրիտը եւ Յունաստանի իշխան Փիթըրը։

Պանդոկ «Պարոն» իջեւանած են նաեւ այնպիսի առաջնորդներ, ինչպէս՝ Եգիպտոսի նախագահ՝ Ժամալ Ապտ Ալ Նասէր, որ ելոյթ ունեցած պանդոկի պատշգամէն: Նաեւ, թունէզցի Պուրգիպան, ամերիկացի Թէոտոր Ռոզվելթը եւ իր կինը, ֆրանսացի զօրավար Տըկոլը, թուրք՝ Քէմալ Աթաթուրքը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախկին առաջնորդ Շէյխ Զայէտ պըն Սուլթան Ալ Նահեանը: Նաեւ առաջին տիեզերագնաց ռուս Եուրի Կակարին եւ Վալենթինա Թելեշքովա։