image

Հալէպի մէջ տագնապալի իրավիճակ կը տիրէ. Լրագրողի վկայութիւն

Հալէպի մէջ   տագնապալի իրավիճակ կը տիրէ. Լրագրողի վկայութիւն

Վերջին շաբաթներուն յաճախ բացասական լուրեր կը ստանանք Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ տիրող տնտեսական դժուարին պայմաններուն մասին։ Յարգելով  անկախ մամուլի առաքելութիւնը  եւ մամլոյ սպասարկողներու տեսակէտները յարգելու կանոնը ստորեւ կը ներկայացնենք Հալէպահայ լրագրող ՝ Յովիկ Շէհիրեանի վերջերս հրապարակուած գրառումը Հալէպի մէջ տիրող իրադրութեան վերաբերեալ՝

Օրերէ ի վեր բազմաթիւ նամակներ ստացայ արտասահման գտնուող բարեկամներէ Սուրիոյ դիմագրաւած ներկայ տնտեսական պայմաններուն շուրջ։ Կ'ուզեմ վիճակը պարզաբանել ինչպէս որ է։

Անշուշտ վիճակը ծանր է բոլոր ժողովուրդին համար անոնց մէջ ըլլալով հայ բաղադրիչը։ 

1) Երկիրը շրջափակման մէջ ըլլալով` ընդհանուր կացութիւնը կը դառնայ քաոսային եւ շատ անգամներ աղետալի (փոխաբերական մօտեցումով)։

2) Անհրաժեշտ բաղադրութիւններու ներկայութեան հանդերձ` սղաճի պատճառաւ նոյնիսկ այդ բաղադրութիւնները կը դառնան անհասանելի։

3) Որոշ կողմեր օգնութեան աշխատանքներ կը տանին (եկեղեցիներ, բարեսիրական հաստատութիւններ, միութիւններ, ....), սակայն կարիքը կը շարունակէ մնալ մեծ եւ հսկայ։

4) Ընկերային խաւերը կ'անհետանան օրըստօրէ եւ դասակարգերը կը հաւասարին եղած տագնապին պատճառաւ։ Դիմումները կը շատնան աւելի քան հասած օժանդակութիւնները։

5) Վերջնական լուծում չըլլալով հանդերձ, իւրաքանչիւր օժանդակութիւն, փոքր կամ մեծ, կրնայ ընտանիքի եւ անհատի մը օգուտ հասցնել ժամանակաւորապէս։

6) Այսօր օգնութեան հասնելու համար կազմակերպութիւններ օժանդակելու կողքին, կարեւոր է նաեւ անձնական նախաձեռնութիւններով օժանդակել հաւատալով որ բոլորին առաքելութիւնը կը միանայ մարդասիրութեան շուրջ ընդդէմ հետզհետէ վատթարացող իրավիճակին։