image

Հալէպի մէջ լոյս տեսան հոգեւոր գրականութեան անդաստանէն հայերէնի թարգմանուած երկու գրքոյկներ

Հալէպի մէջ լոյս տեսան հոգեւոր գրականութեան անդաստանէն հայերէնի թարգմանուած երկու գրքոյկներ

Հալէպի մէջ լոյս տեսած են հոգեւոր գրականութեան անդաստանէն հայերէնի թարգմանուած երկու գրքոյկներ

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Օրերս, հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ.Տ.Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Հալէպի մէջ լոյս տեսան հոգեւոր գրականութեան պուրակէն քաղուած ու հայերէնի թարգմանուած հետեւեալ  երկու գրքոյկները.

Ա) «ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻԻՆ ՀԱՅՀՈՅԵԼ», հեղինակ Բառնաբաս վանական, հայացուց՝ Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պրիխանեան։

Ազնիւ մեկենասը գրքոյկը կը նուիրէ իր վաղամեռիկ բարեկամին, Քրիստոսասէր հարազատին` Անդրանիկ Եսայեանի անթառամ յիշատակին:

Գրքոյկը կը բացուի սրբազան հօր «Երկու խօսք»-ով, ուր կը գրէ.

«Բոլոր անոնք, որոնք Քրիստոսը կը նախատեն, հայհոյելով Սուրբ Հոգիին, որ մեր հաւատքի Հիմն ու փրկութեան միջնորդն է, իրենց անձերը Քրիստոսի կենսատու ծառէն կտրելով դուրս կը նետեն եւ բնականաբար կը դատապարտուին չորացումի եւ մահուան:

Ուստի, զգուշանանք, որ որեւէ ատեն նման գարշելի մեղք չգործենք։ Ահա թէ ինչո՛ւ այդքան ծանր է յիշեալ մեղքին դատապարտութիւնը։ Որովհետեւ մարդը երբ տգիտաբար մեղք կը գործէ, միայն իր անձին կը վնասէ, բայց երբ Սուրբ Հոգիին դէմ կը գործէ` ինքզինք ուղղակիօրէն Աստուծոյ թշնամի կը դարձնէ»։

Մակար սրբազան այնուհետեւ կ'ողջունէ իր կրտսեր հոգեւոր եղբայրը` Հոգշ. Տ․ Մանուկ Վրդ. Պրիխանեանը եւ սրտանց կը գնահատէ իր կատարած  թարգմանական աշխատանքը, որ  մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ ընթերցողներուն եւ լուսաբանէ զանոնք: Վերջապէս կ'օրհնէ եւ մեծապէս կը գնահատէ  գրքոյկին մեկենասը։ 

Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան փոխան յառաջաբանի կը գրէ.

«Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութեան թեման կնճռոտ հարցերէն մէկը կը նկատուի եւ մեզմէ շատերուս համար ալ՝ շփոթեցնող։ Աւելին, ան վախ եւ սարսափ կ'ազդէ, որովհետեւ շատ անգամ կը մտածենք եւ հարց կու տանք, արդեօ՞ք ես Սուրբ Հոգիին հայհոյելու մեղքին մէջ ինկայ․ արտասանած խօսքս արդեօ՞ք Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյութիւն կը համարուի:

Այս պատճառով, փափաքը ունեցանք Քրիստոսի շնորհքով եւ Սուրբ Հոգիի ուղղութեամբ, մեր քոյր Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ վանականներէն՝ Բառնաբաս Մուհրիքիի գրքոյկը հայացնել, որ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Սուրբ Հոգին նախատելու կամ անոր հայհոյելու նիւթը, Աստուածաշունչին պրիսմակէն դիտած, ինչպէս նաեւ ըստ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սկզբունքներուն եւ Սրբազան Հայրապետներու ըմբռնումներուն»։

Այս բաժինի աւարտին, հոգշ. հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը կը յայտնէ սրբազան հօր՝ իր մշտական քաջալերանքին համար, ինչպէս նաեւ դոկտ. Հուրի Ազէզեանին՝ գրքոյկի թարգմանական եւ լեզուական սրբագրութիւններուն համար։ 

133 էջերու վրայ տարածուած, 5 գլուխներէ բաղկացած այս գրքոյկը մատչելի ոճով կը բացատրէ Ս. Հոգիին դէմ մեղանչելու իմաստը, հետեւանքը եւ Աստուածային սիրոյ խորհուրդը։ 

Բ) «ԻՆՉՈ՞Ւ ՔՐԻՍՏՈՍ», հեղինակ՝ Մուսա Արքեպիսկոպոս, հայացուց՝ Հոգշ. Տէր Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Գրքոյկը կը հրատարակուի ազնիւ մեկենասութեամբ Շաննագեան քոյրերուն, իրենց վաղամեռիկ եղբօր՝ Կարապետ Շաննագեանի քաղցր յիշատակին: Գիրքին կողքի Քրիստոսի սրբապատկերը գործն է հոգշ. Տէր Յովսէփ Վրդ․ Աշգարեանի (Իտալիա)։

Գրքոյկին սկիզբը Մակար սրբազանի «Երկու Խօսք»-ին մէջ կը կարդանք. 

«Անհրաժեշտ է եւ աւելին՝ հրամայական, որ երիտասարդն ու մարդ արարածը գիտնան, թէ իրենց կեանքը Քրիստոսով ի՛նչ պատկեր, ընթացք, հունաւորում եւ վախճան կ'ունենայ եւ պիտի' ունենայ, իսկ առանց Քրիստոսի՝ ինչպիսի՛ վիճակ պիտի պարզէ, որուն լոյսին տակ միայն պիտի յաջողին կողմնորոշուիլ եւ դրսեւորել իրենց կեանքը, իր բոլոր երեսներով ու Հանգրուաններով։

Մեր Տէրը մարդոց փրկութեան սիրոյն, երբ իր աստուածային պատիւէն ինքզինք մերկացնելով՝ մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, զանազան առիթներով, երբ ուզեց ինքն իր մասին յայտնել՝ թէ իրապէս ո՛վ է ինք, հետեւեալ «Ես եմ»-ներու շարքով պարզաբանեց իր ինքնութիւնը, որպէսզի ըստ այդմ մարդիկ զինք ընդունելով եւ իրեն մօտենալով` ճշդէին իրենց ուղին եւ ընթացքը։ Կարգ մը օրինակներ․ Ես եմ կեանքը, Ես եմ աշխարհի լոյսը, Ես եմ ճանապարհը, Ես եմ ճշմարտութիւնը, Ես եմ յարութիւնը, Ես եմ իրաւ Հովիւը, Ես եմ դուռը, Ես եմ Շաբաթին Տէրը, Ես եմ Կեանքի հացը, յաւիտենական կեանք տուող խօսքեր ունեցողը, Կեանքի ջուրի աղբիւրը պարգեւողը, Ես եմ որթատունկը, Ես եմ Այբը եւ Ֆէն, Սկիզբն ու վախճանը, Ես եմ կենդանի եղողը, ան որ է, որ էր եւ որ պիտի գայ` Ամենակալը, մահուան ու դժոխքի բանալիները` իր ձեռքը ունեցող, Աստուծոյ Գառնուկը, թագաւորներու Թագաւորը եւ տէրերու Տէրը, Աստուծոյ Խօսքը, եւ Ամէնը` Հաւատարիմ եւ Ճշմարիտ վկան։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, ինք է Արդարն ու արդարացնողը, Սուրբն ու սրբացնողը, Ազատն ու ազատարարը, Փրկիչն ու փրկողը, Բժիշկն ու բժշկողը, Բարձրեալն ու բարձրացնողը, անմահն անմահացնողը, Սէրն ու սիրողը, Հարուստն ու հարստացնողը, խոնարհը, ողորմածն ու ներողը, մեր արժանապատուութիւնն ու պատկերը վերանորոգողն ու վերականգնողը»։

Սրբազան հայրը այնուհետեւ  կ՚ողջունէ իր  կրտսեր եղբայրը՝ Հոգշ․ Տ․ Լեւոն Վրդ․ Եղիայեանը «Ինչո՞ւ Քրիստոս» գրքոյկի թարգմանութեան առիթով, իրեն մաղթելով բեղուն ծառայութիւն, իսկ ընթերցողին՝ աստուածային լուսաւորում, որպէսզի բացայայտելով ճշմարտութիւնը կառչի անոր։

71 էջանի գրքոյկին մէջ անդրադարձ կը կատարուի հետեւեալ նիւթերուն՝

-Քրիստոս՝ մեր ֆիզիքական կեանքը

-Քրիստոս՝ մեր հոգեւոր կեանքը

-Քրիստոս՝ մեր բարոյական կեանքը .

-Քրիստոս՝ մեր յաւիտենական կեանքը։

Զոյգ գրքոյկները լոյսի աղբիւր պիտի հանդիսանան ընթերցողին՝ թափանցելով անոր միտքին ու հոգւոյն խորքը։ 

«Գանձասար» շնորհակալութեամբ ստացաւ թարգմանուած երկու գրքոյկներէն օրինակներ։